Դարեր շարունակ բազմաթիւ ազգեր իրենց ինքնութիւնը կրցած են պահել եւ գոյատեւած են, երբ ամրապնդած են կապերը իրենց սփիւռքներուն հետ, որոնց միջոցով վառ պահած են իրենց մշակոյթը, աւանդութիւնները, կրօնը, ինչպէս նաեւ` լեզուն, ապա փոխանցած են զանոնք սերունդէ սերունդ: Ի մասնաւորի փոքր ազգեր գոյատեւելու համար կարիքը ունեցած են հզօր սփիւռքի կառոյցի, որ ամէն գնով նեցուկ կանգնած է իր ազգակիցներուն բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան, նոյնիսկ երբ նշեալ ազգերը եղած են հայրենազուրկ, բայց եւ այնպէս, հայրենիք կերտելու նպատակը եւ ծրագիրը միշտ ներկայ եղած են անոնց առօրեային մէջ:
Բայց երբ ժամանակը հասած է, եւ այդ ազգերը հայրենիք կերտած են, հզօր սփիւռքի կառոյցը գոյատեւած է` նպաստելով ազգապահպանման գործունէութեան: Շատ անգամ փոքր ազգերու սփիւռքի կառոյցը տկարացած է կարճատես ղեկավարման պատճառով, որ անկարելի դարձուցած է համախմբումը, այլ ընդհակառակը, պատճառած է ներքին ճակատի կապերու խզում: Շատեր ալ, երբ կրցած են հայրենիք կերտել, բայց ազգային ներուժի կեդրոնացումը միմիայն հայրենիքին ուղղած են եւ անտեսած` սփիւռքի կարեւորութիւնը, թափ տուած են նահանջի ճանապարհին եւ պատճառ եղած` ամբողջ ազգ մը ձուլումի սեմին հասնելուն:
Աշխարհաքաղաքական տարածքներ միշտ փոփոխութեան ենթարկուած են պատմութեան ընթացքին, մասնաւորապէս` պատերազմներու պատճառով, բայց եւ այնպէս, բազմաթիւ ազգեր կրցած են իրենց ինքնութիւնը պահել եւ գոյատեւել, նոյնիսկ երբ իրենց տարածքները կորսնցուցած են որոշ ժամանակ: Հրեայ ժողովուրդը իր պապենական հողերուն տէրը դարձաւ, ինչ որ շատերու կողմէ անօրինական կը նկատուի, իսկ այդ հողերը պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողեր կը նկատուին, բայց եւ այնպէս, հրեաները իրենց սփիւռքի կառոյցը մինչեւ այսօր կը պահեն հզօր, որպէսզի անիկա թիկունք կանգնի իրենց նպատակի իրագործման եւ գոյատեւման հոլովոյթին:
Նոյն սկզբունքը կ՛որդեգրեն պաղեստինցիները, որոնք նոյնիսկ երբ տարիներ շարունակ հսկայական զոհեր տուած են եւ մինչեւ այսօր տակաւին կու տան, ո՛չ իրենց դիմադրողական ուժը կը տկարացնեն, ո՛չ ալ` իրենց սփիւռքի կառոյցը, եւ այդ երկուքն ալ նոյնքան կարեւոր կը նկատեն իրենց գոյատեւման եւ հողերուն վերատիրացման համար:
70 տարիէ աւելի տեւած ճակատագրական այս պայքարը որեւէ անգամ ո՛չ հրեան, ո՛չ ալ պաղեստինցին տկարացուցած է, անոնք նաեւ չեն հրաժարած իրենց դատերէն, այլ ընդհակառակն, հզօրացուցած են իրենց սփիւռքի կառոյցները եւ միշտ անոնց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը ունեցած են: Նաեւ հզօր լոպիներու միջոցով անոնք տէր կանգնած են իրենց արդար իրաւունքին, մանաւանդ` մեծ պետութիւններու հովանիին տակ գտնուող արդարադատական եւ պետական կեդրոններու յարկին տակ:
Պատմութեան մէջ բազմաթիւ ժողովուրդներ, ինչպէս` փիւնիկեցիները, չեն կրցած գոյատեւել ներքին խռովութիւններու պատճառով եւ սփիւռքին իրենց նեցուկ չկանգնելուն պատճառով ձուլուած են ուրիշ ժողովուրդներու մէջ: Մենք` իբրեւ հայեր, երբ մեր պատմութենէն դասեր չենք կրցած քաղել, պէտք է ուրիշ ժողովուրդներէն դասեր առնելով` արժէքը գիտնանք մեր սփիւռքին եւ շեշտը դնենք անոր հզօրացման կարեւորութեան վրայ, մանաւանդ երբ հայրենիքի կերտումէն ետք սկսած ենք նահանջել եւ ձուլումի սեմին հասնելով` դէպի անդունդ կ՛ուղղուինք իբրեւ ազգ:
Վերջերս գնահատելի է ճիգը շատ մը ամպիոններէ ահազանգ հնչեցուցած պատասխանատու մարմիններու, որոնք այս գծով վերակազմակերպման աշխատանք կը տանին, հոգ չէ թէ` քիչ մը ուշացած, բայց եւ այնպէս, որքան որ կարողութիւնը ունենանք, փրկենք կորսուած հունտերը եւ ջանանք զանոնք վերակենդանացնել` անոնց համար բարեբեր հող պատրաստելով: Սոյն փրկուած հունտերը պիտի կարենան բարեբեր հողին մէջ արմատ նետել, ինչ որ պիտի յանգեցնէ նոր փուլի մը, որուն ընթացքին անոնք հասակ առնելով` թափ պիտի տան հզօր սփիւռքի կառոյցին եւ հզօր հայրենիք կերտելու մշտանորոգ աշխատանքին: