Շրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութիւնը մեզի համար կարմիր գիծ է: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքժի:
«Շրջանային խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը միայն նախապատուութիւն չեն, այլ մեր ազգային անվտանգութեան հիմքն են:
«Հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն կամ արեւմուտքէն որեւէ սպառնալիք մեր դրացիներու տարածքային ամբողջականութեան կամ սահմաններու վերագծումը բացարձակապէս անընդունելի է եւ կարմիր գիծ Իրանի համար», գրած է ան:


