Ազրպէյճանն ու Հայաստանը արդէն համաձայնած են խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին գրեթէ 80 առ հարիւրին շուրջ: Այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Մենք արդէն հասած ենք սահմանազատման: Սահմանազատուած է 13 քիլոմեթրնոց սահմանը: Հայաստանի հետ մեր սահմանը 1000 քիլոմեթր է, սակայն ասիկա ճիշդ ուղղութեամբ քայլ է: Մենք յոյսով ենք, որ Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած խաղաղ բանակցութիւններու առնչուած նախաձեռնութիւնը պիտի յանգեցնէ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման», ըսած է ան:


