Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամով. «Եթէ Հայաստան Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Կ՛ուզէ, Պէտք Է Լուրջ Քայլերու Ձեռնարկէ»

September 3, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան Հայաստանին պիտի ներկայացնէ խաղաղութեան համաձայնագիրի վերաբերեալ առաջարկներու նոր փաթեթ: Այս մասին Պաքուի մէջ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ճուրիչի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ չի պարունակեր դրացի ոչ մէկ պետութեան նկատմամբ, ներառեալ Հայաստանը: «Հայաստանի սահմանադրութեան եւ շարք մը այլ արժեչափային հռչակագիրներու մէջ մինչեւ օրս կը մնան Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ», ըսած է ան:

«Ասիկա ամէնէն լուրջ սպառնալիքն է խաղաղ հոլովոյթին համար: 2024 թուականի համեմատ Հայաստանի զինուորական պիւտճէն աւելցուած է գրեթէ 50 առ հարիւրով: Այս հոլովոյթը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար խոչընդոտ է», նշած է ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը:

Պայրամով նշած է, որ եթէ Հայաստանը շրջանին մէջ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, ապա պէտք է լուրջ քայլերու ձեռնարկէ:

«Փաստ է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ տակաւին Ազրպէյճանի տարածքին նկատմամբ պահանջներ կան: Ես ընդգծած եմ, որ ատիկա խաղաղութեան եւ կարգաւորման հոլովոյթին սպառնացող լրջագոյն տարրն է: Եթէ Հայաստան շրջանին մէջ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, պէտք է լուրջ քայլերու ձեռնարկէ», աւելցուցած է ան:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ Հայաստանի «սխալ քաղաքականութիւնը կը խաթարէ խաղաղութեան հոլովոյթը»:

Ըստ անոր, «եթէ Հայաստանը անկեղծօրէն շահագրգռուած է խաղաղ հոլովոյթով, պէտք է լրջօրէն քննարկէ ձեռնարկուած քայլերը»:

«Հայաստանը խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծէն վերցուցած է քանի մը կարեւոր կէտեր», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Ազրպէյճանը եւս պիտի ներկայացնէ իր պատասխան առաջարկները:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Ռուսիա-Հայաստան-Ազրպէչճան Եռակողմ Համաձայնութիւնները Օդէն Կախուած Մնացած Են»

Յաջորդը

Հաճիեւ. «Հայաստանի Զինեալ Ուժերուն Նկատմամբ Սահմանափակումներ Պէտք Է Կիրարկուին»

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.