Ռուսիա-Հայաստան-Ազրպէյճան եռակողմ համաձայնութիւնները օդէն կախուած մնացած են: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` նկատի ունենալով Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան վերականգնումը:
Ան յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ստորագրած 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան մէջ այդ կէտը կայ:
«Սկիզբը Հայաստանը հրաժարեցաւ ինքնաշարժային ճամբէն եւ պնդեց, որ միայն երկաթուղային ըլլայ: Յետոյ յանկարծ Հայաստանը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ սահմանապահները պիտի չմասնակցին, թէեւ ատիկա սեւով սպիտակի վրայ գրուած է 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ», ըսած է ան:
Լաւրով աւելցուցած է, որ ըստ յայտարարութեան, Ռուսիան պէտք է խորհրդատուական աջակցութիւն ցուցաբերէր հայ-ազրպէյճանական սահմանազատման հոլովոյթին, սակայն Հայաստանը ատիկա չ՛ուզեր:
«Սակայն միեւնոյն ժամանակ կը ձգտի այդ հոլովոյթին մէջ ներգրաւել Արեւմուտքը` Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը, Ֆրանսան: Ատիկա անոնց ընտրութիւնն է, սակայն պէտք է նախ եւ առաջ համաձայնիլ Ազրպէյճանի հետ: Այլ տարբերակ չկայ», ըսած է ան:
«Ահա ես յիշատակեցի փոխադրամիջոցային կապերու վերսկսումը եւ նշեցի նաեւ եռակողմ յանձնախումբի մասին, որ կը զբաղէր այդ հարցով եւ անիկա արդէն գրեթէ ժողով չի գումարեր: Երեւանը կը նկատէ, որ ատիկա պէտք է կատարուի ուղղակիօրէն Ազրպէյճանի հետ, սակայն եթէ ատիկա յաջողի, ապա ի սէր Աստուծոյ», յայտարարած է Լաւրով` Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ:


