Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Իշխող Կուսակցութիւնը Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մեծամասնութիւն Ստացած Է

September 3, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի օր Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յառաջատար է Իլհամ Ալիեւի «Նոր Ազրպէյճան» կուսակցութիւնը: Անիկա պիտի ստանայ խորհրդարանի 125 աթոռներէն 68-ը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Մազահիր Փանախով` հիմնուելով ընտրական տեղամասերու 91 առ հարիւրի քուէներու հաշուարկման արդիւնքներուն վրայ:

Քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է 37,27 առ հարիւր` արձանագրուած 6,4 միլիոնէն քուէարկած է 2,1 միլիոն քուէարկող:

Մնացեալ աթոռները, ինչպէս ազրպէյճանական «Թուրան»-ը կը գրէ, պիտի տրամադրուին այսպէս կոչուած «անկախ» թեկնածուներուն, որոնք ծանօթ են իրենց իշխանամէտ դիրքորոշումով:

Ընդդիմադիր «Ժողովրդային ճակատ» կուսակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած է ընտրութիւնները: Մէկ այլ ընդդիմադիր կուսակցութիւն` «Մուսաւաթ»-ը, 15 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է ընտրութիւններուն, մինչ այդ պոյքոթի ենթարկած էր ընտրութիւնները: Կուսակցութեան ղեկավար Արիֆ Հաճիլի «Ռոյթըրզ»-ին ըսած է, որ չի հաւատար արդար քուէարկութեան, սակայն կուսակցութիւնը կը մասնակցի ընտրութիւններուն` «երկրին մէջ քաղաքական մթնոլորտը աշխուժացնելու համար»: «Ըտրութիւնները ժողովրդավարական պայմաններու մէջ չեն անցնիր», ըսած է ան:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ քուէարկութեան ընթացքին խախտումներու մասին. որոշ տեղամասերու մէջ նկատուած են քուէատուփերու մէջ քուէաթղթիկներու լցոնումներ, մէկ ընտրող քուէարկած է տարբեր տեղամասերու մէջ, ճնշումներ գործադրուած են դէտերու եւ լրագրողներու վրայ:

Ազրպէյճանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն 125 երեսփոխանական աթոռի համար կը պայքարէր 990 թեկնածու:

Խորհրդարան մուտք գործած է նաեւ անկախ թեկնածու Փոլատ Պիւլպիւլօղլուն, որ ներկայիս կը վարէ Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանի պաշտօնը: Ան ընտրուած է իբրեւ Շուշիէն երեսփոխան:

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Յաղթեց Եունայթըտի Դաշտին Վրայ. Պարսելոնա Կը Սուրայ

Յաջորդը

Արաքժի. «Իսրայէլ Կազայի Մէջ Ցեղասպանութեան Վրայ Պնդելով Շրջանը Վտանգաւոր Ճգնաժամի Եզրին Կը Մղէ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.