Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի սպասումը մինչեւ հիմա Սամուէլ Պեքեթի ծանօթ անհեթեթի թատերախաղին` «Սպասելով Կոտոյին», սպասման համահունչ կը թուի: Այսինքն թէկուզեւ սպասուած անձը/առարկան, այս պարագային` Կոտոն/խաղաղութեան համաձայնագիրը, չգայ, սպասումը ինքնին կրնայ նոյնանալ այն անձ/առարկային հետ, որ… կը սպասուի: Թէեւ այս պարագային կրնայ համաձայնագիրը գալ, բայց խաղաղութեան սպասումը թատերախաղին շարունակումը կ՛ապահովէ:
Հարցը այնքան ալ տրամային չէր ըլլար անշուշտ, եթէ առնչակից չըլլար «իրական Հայաստան»-ի գալստեան: Աւելի ճիշդը` յստակ չէ, թէ «իրական Հայաստա՞ն»-ն է, որ խաղաղութեան համաձայնագրին գալուստը պիտի աւետէ, թէ՞ հակառակը` խաղաղութեան համաձայնագիրը ծնունդ պիտի տայ «իրական Հայաստան»-ին: Մինչեւ հիմա «իրական Հայաստան»-էն որոշակիօրէն ունինք մաքեթ մը եւ, ինչպէս Կարէն Խանլարեան դիմատետրային իր երեք իրերայաջորդ գրառումներով յուլիսի սկիզբին կը բանաձեւէ, «գաղափարախօսութիւն» մը: Հայաստանի (յստակ չէ` առայժմ «իրակա՞ն» թէ այլ…) տարբեր շրջաններուն մէջ մաքեթի վերնիսաժացման պատասխանատուութիւնը իր վրայ վերցուցած է նոյնինքն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որուն մօտ ալ պահ դրուած է կարծես մաքեթին բնօրինակը:
«Իրական» Հայաստանի հասկացողութիւնը, կամ անոր գաղափարախօսութիւնը կը բացառէ իրականանալի Հայաստանի մը ընկալումը` որպէս ոչ իրական, որպէս ինքնախաբէութիւն, որպէս վտանգաւոր ցնորամտութիւն, կամ ութոփիա: «Իրականանալի» յղացքը, սակայն, կրնայ մեկնաբանուիլ շատ տարբեր: Իրականանալի են, ինչպէս վերլուծած է սփիւռքի մտածող Վազգէն Էթիեմեզեան, «մարդու հոգեխառնութենէն եւ հոգեբանական կառոյցէն ծնունդ առած բոլոր հեռանկարները, որոնք մարդկային ճիգերով իրականանալու յոյսը կու տան, բայց դեռ չեն իրականացած»: Այդ «մտայղացում-իրականացում զոյգ»-ի բարդագոյն հանգրուանին կը հասնինք, «երբ անոնց սկզբնաղբիւրներն հանդիսացող հոգեխառնութիւնն ու հոգեկան կառոյցն ալ մարդկային ճիգերով կատարելագործելի համարենք եւ այս հեռանկարը ընկերային կեանքի մէջ իրականացնել կը փորձենք»: Ատոր համար ալ անհրաժեշտ են` «Այդ հաւաքականութեան հոգեխառնութիւնն ու տուեալ պահու մտահոգութիւնները իւրացուցած անձերով, որոնք, այդ հոգեխառնութեան ազատ զարգացման ի խնդիր, անոր պարտադրած կաշկանդումները յաղթահարելու իղձը, ցանկութիւնը կամ ներքին մղումը կ՛ունենան»: Այս գրառումը, որ խորագրուած է «Իրականանալին», մաս կը կազմէ Վարազդատ ստորագրութեամբ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի մէջ Վազգէն Էթիեմեզեանի «Շաբթուան մտածումը» գրութիւններու շարքին (ԺԴ. տարի, թիւ 15, 24 ապրիլ 1983), որոնք առանձին հատորով Վիգէն Աւագեանի խմբագրութեամբ հրատարակուած են 2023-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Պէյրութի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն:
Վազգէն Էթիեմեզեանի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ Հայ դատի ամենավճռական այդ ժամանակաշրջանին հայ քաղաքական մտածողութիւնը կերտող միւս մտաւորականներուն համար «իրական» Հայաստանը` բանավէճի ու քննարկման նիւթ չէր կրնար ըլլալ: Կար Խորհրդային Հայաստանը` որպէս քաղաքական իրականութիւն, կար Հայ դատի պահանջատիրութիւնը, որ այն ժամանակ կեդրոնացած էր «մոռցուած» Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առաջնախնդրին վրայ, եւ կար հարցականի տակ չդրուող պատմական, ամբողջական Հայաստանը` որպէս այն «հոգեխառնութիւնը», որուն կ՛ակնարկէ Էթիեմեզեան, եւ կը զգուշացնէ, որ անոր «բացակայութեան, հաւաքականութիւնը կասկածամիտ եւ վերապահ դիրքեր կ՛որդեգրէ: Հարց կը տրուի, օրինակ, եթէ իրականանալի համարուող հեռանկարները իսկապէս իրականանալի՞ են, թէ՞ ցնորածին: Նման հաւաքականութեան մը համար նորարական, յառաջատուական եւ ապագայապաշտ ամէն ձգտում առօրեայ հանգիստը խռովող երեւոյթ է»: Ահա թէ ինչո՛ւ Էթիեմեզեան «այս հոգեխառնութիւնը իւրացնելու ամէնէն արագ եւ յառաջատուական եղանակներուն մասին» մտածելը հրամայական կը գտնէ, «որպէսզի իրականանալի մեր գերագոյն հեռանկարին առաջին հանգրուանը նուաճած ըլլանք»:
Կը թուի, թէ «իրական» Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը կը թիրախաւորէ ճիշդ այս հոգեխառնութիւնը: Իր ցոյց տուած մաքեթին ընկերակցած խօսոյթով Փաշինեան չ՛ակնարկեր ազրպէյճանական սպառնալիքին դիմադրողականութեան: Ընդհակառակը, կ՛ենթադրէ այդ դիմադրողականութեան անկարողութեան, ընդ որում` պատերազմի սպառնալիքի չէզոքացման միակ ուղի կը նկատէ միակողմանի զիջումները: Այլապէս, այսինքն, եթէ պատերազմի աւարտին նպատակադրուէր ազրպէյճանական սպառնալիքի չէզոքացումը, պիտի իւրացուէր իրականանալի Հայաստանի մը համար անհրաժեշտ հաւաքական հոգեխառնութիւնը` որպէս «առաջին հանգրուան»: Եւ այդ կը նշանակէ ճիգերը կեդրոնացնել այդ ուղղութեամբ` պաշտպանական համակարգի վերակազմաւորումէն մինչեւ դիւանագիտական ոլորտի մէջ Ազրպէյճանի ներկայացում` որպէս նախայարձակի, ներքաղաքական համաձայնութենէն մինչեւ սփիւռքի ներգրաւում, իրապաշտօրէն ձգտելով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն թշնամի ուժերու դուրս բերման եւ նոր յարձակումներու զսպումի կարողականութեան (վերա)կերտումի:
Այսինքն, եթէ քառասունչորսօրեայ պատերազմին անմիջականօրէն յաջորդած հանգրուանին, երբ «վնասուց վերահսկողութեան» (damage control) քաղաքականութիւն մը անհրաժեշտ էր ժամանակ շահելու եւ պարտութեան պատճառած շոքային հոգեվիճակէն դուրս գալու համար, որդեգրուէր քաղաքականութեան այս այլընտրանքը, թերեւս եւ բացառուէր իրականանալի Հայաստանի իրապաշտութիւնը ժխտող «իրական» Հայաստանի պարտուողական խօսոյթն ու անոր համապատասխան յանձնուողական հոգեխառնութիւնը:
Քառասունչորսօրեայ պատերազմի աւարտէն ի վեր յանձնուողական հոգեխառնութեան արմատաւորման առաջքը առնելը պարտուած իշխանութիւններուն ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու մեծագոյն մարտահրաւէրն է: Տիրող համոզում է, որ յանձնուողական հոգեխառնութեան բացառումը, կամ այլեւս երեւի յետաշրջումը, պայմանաւորուած է իշխանափոխութեամբ: Սխալ չէ այս տրամաբանութիւնը: Կը մնայ, որ հիմնականը յանձնուողական հոգեխառնութեան յետաշրջումն ու իրականանալի Հայաստանի հոգեխառնութեան վերականգնումն է, ինչ որ, տրամաբանականօրէն, իշխանափոխութեան կամ առնուազն պարտութիւնը շարունակող քաղաքականութեան կասեցման պիտի առաջնորդէ: Հաւու թէ հաւկիթի առաջնութեան տրամաբանութեան պարզունակութեամբ պէտք չէ ընկալել այս մօտեցումը: Պարզապէս հարց տալ, թէ կա՞ն իրապաշտօրէն «իրականանալի» նպատակներ, որոնց կարելի է ձգտիլ ի հեճուկս պարտուած իշխանութիւններուն, եւ անոնց հասնելու շօշափելի փաստերով սկիզբ տալ հաւաքական հոգեփոխութեան:
Եթէ Հայաստանի ներքաղաքական երկպառակտումը այնքան խոր է, որ հաւաքական հոգեփոխութիւնը կարելի չէ դուրս բերել իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բախումէն, ապա եւ սփիւռքի մէջ, ուր Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացին վրայ ազդելու ոչ մէկ լծակ կայ եւ, ընդհակառակը, եթէ տարակարծութիւնները դուրս գան փոխհանդուրժողական բանավէճի սահմաններէն, կրնան պատճառ դառնալ համայնքներու մէջ վտանգաւոր պառակտումներու, իրապաշտ «իրականանալի» նպատակներուն ձգտիլը հրամայական կը թուի վերագտնելու համար այն զօրաշարժի կարողականութիւնը, որուն փաստը տրուած է բազմիցս: Նման առաջադրանք, որ հիմնուած է հայութեան լինելութեան հարցերու սփիւռքեան մօտեցման եւ յանձնառութեան առկայութեան համոզումին վրայ, չ՛ենթադրեր խզում` հայրենիքի մէջ ծաւալած բանավէճին թէ որոշակի քաղաքական գործընթացներուն հետ: Ընդհակառակը, թերեւս ձեւ մըն է բանավէճի տարածադաշտի ընդարձակման եւ սփիւռք-հայրենիք փոխազդեցութեան միջոցի մը ստեղծումին` իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկբեւեռումէն անդին` հասարակական/քաղաքացիական աւելի ընդարձակ ոլորտին մէջ:
Վազգէն Էթիեմեզեանն ու իր ժամանակակից սփիւռքի մտաւորականները ստեղծեցին քաղաքական մտածողութիւն եւ անոր յատուկ ամբողջ բառապաշար մը, որոնք յատկանշեցին Հայ դատի պահանջատիրութեան տարիներու հաւաքական հոգեխառնութիւնը: Աւանդ մնացած ամբողջ ժառանգ մը կայ, որ անհրաժեշտ է վերաթարմացնել` ի խնդիր սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութեան եւ գործին ինքնուրոյնացման, թէկուզեւ կամ թերեւս որպէսզի… այդ մտածողութիւնն ու գործը հայաստանեան հայելիին ընդմէջէն դիտելու «առօրեայ հանգիստ»-ը (Էթիեմեզեանի գործածած բանաձեւումի յղումով), եթէ ոչ` լճացումը խանգարուի: