Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչիկեանի Յուշերը. Ինչպէս Հողագործի Մը Զաւակը Դարձաւ Նիքսընի Եւ Ռիկընի Ճառագիրը

Օգոստոս 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թարգմանեց` ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Քեն Խաչիկեան` Քալիֆորնիա նահանգի Վայսելիա քաղաքէն հողագործի մը զաւակը, հրատարակեց իր յուշերը, ուր կը պատմէ Սպիտակ տան մէջ իր տարիներու գործունէութեան մասին` իբրեւ ճառագիր Միացեալ Նահանգներու երկու նշանաւոր նախագահներու` Նիքսընի եւ Ռիկընի: «Փակ դռներու ետին: Սենեակին մէջ Նիքսընի եւ Ռիկընի հետ» խորագրեալ գիրքին կողքին վրայ Խաչիկեան կը նկարագրուի իբրեւ` «Ճառագիր, խորհրդակից, եւ ռազմագէտ` առասպելական քաղաքական դէմքերու»:

Խաչիկեանի յուշամատեանը արդէն իսկ մեծ թիւով ընթերցողներու ուշադրութիւնը գրաւած է: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը հրատարակեց դրական գրախօսական մը, Դրեւի Դրոյի հեղինակութեամբ: Քուին Հիլլիըր` «Ուաշինկթըն»-ի հանրածանօթ սիւնակագիրը, հրատարակեց երկու գովաբանական գրախօսականներ «Ուաշինկթըն Էքզամինըր»-ի էջերուն մէջ: Խաչիկեանի յուշամատեանը երկրորդ ամենաշատ ծախուած գիրքի տիտղոսին արժանացաւ հրատարակչատան միջամառնային հրատարակութիւններուն մէջէն: Հրատարակչատունը արդէն կը մտածէ երկրորդ տպագրութեան մասին:

Խաչիկեան, որ ապրած է հողագործի աղքատ ընտանիքի մէջ, զրկուած` լոգանքէ եւ կենցաղային հիմնական պայմաններէ, կը դառնայ Սպիտակ տան մէջ ամէնէն ազդեցիկ մարդոցմէ մէկը: Ան կը սկսի քաղաքականութեամբ զբաղիլ Նիքսընի նախագահական ընտրապայքարի ժամանակ կամաւորական աշխատանք տանելով: Ընտրութենէն ետք ան կը դառնայ Նիքսընի ճառագիրը, ապա կը միանայ Ռիկընի վարչակազմին` իբրեւ նախագահին գլխաւոր ճառագիր: Ան նաեւ կը ծառայէ իբրեւ աւագ խորհրդատու եւ գլխաւոր ռազմագէտ Քալիֆորնիոյ նահանգի նահանգապետ` Ճորճ Տէօքմէճեանին, 1982-ի եւ 1986-ի ընտրութիւններուն:

«Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Խաչիկեան կը պատմէ յիշատակելի դրուագ մը 1975-էն` հօրը մահուան տարին: Այդ ժամանակ ան կ՛աշխատէր նախագահ Նիքսընի աշխատակազմին մէջ, եւ այս վերջինս հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենայ պատուել հօրը յիշատակը: Տրուած ըլլալով, որ հօրը արմատները Թուրքիոյ Չոմաքլու գիւղէն են, Խաչիկեան տարօրինակ խնդրանք մը կը ներկայացնէ նախագահին. կը խնդրէ, որ գումար մը նուիրէ Չոմաքլուի հայրենակցական միութեան: Նիքսըն ընդառաջելով` 500 ամերիկեան տոլարի անձնական վճարագիր մը կը ղրկէ հայկական միութեան:

Խաչիկեանի hեղինակութեամբ երկու նախագահներուն համար գրուած հարիւրաւոր ճառերէն պէտք է առանձնացնեմ երկուքը: Մինչեւ 1981 թուական Միացեալ Նահանգներու ոչ մէկ նախագահ Հայոց ցեղասպանութիւնը կոչած էր ցեղասպանութիւն: 22 ապրիլ 1981-ին Ռիկըն հրապարակեց նախագահական հռչակագիր մը, ուր նշուած էին «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը: Գրութիւնը պատրաստած էր Խաչիկեան: Ասիկա 40 տարիներ առաջ էր նախագահ Պայտընի յայտարարութենէն, երբ վերջինս վերջապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը 2021 թուականին:

Թէեւ թրքական ժխտողներ փորձեցին արժեզրկել նախագահ Ռիկընի յայտարարութիւնը` ըսելով, թէ գրութիւնը շարադրուած է հայ ճառագրողին կողմէ, բայց եւ այնպէս, Խաչիկեան հակազդեց ամբաստանութիւններուն` ըսելով, որ բոլոր նախագահական յայտարարութիւնները կը կրեն նախագահին ստորագրութիւնը, ուստի 1981-ի հռչակագիրը կը սեպուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին պաշտօնական յայտարարութիւնը:

«Միրըր»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին Խաչիկեան կը բացատրէ, որ ինք տեղեակ էր Սպիտակ տան մէջ «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառակապակցութեան օգտագործման շուրջ գոյութիւն ունեցած բանավէճերէն: Ան կը հաստատէ, որ խորհրդակցած է Ազգային ապահովութեան փոխխորհրդատու Պատ Նանսին հետ, որ որեւէ հարց չէ տեսած: «Իրականութիւն է, չէ՞», կը հարցնէ Նանս: Խաչիկեան կը պատասխանէ. «Որքան որ ես գիտեմ, այո՛»: Ապա Նանս կը վճռէ` «Ուրեմն ես հարց չեմ տեսներ»:

Խաչիկեան կ՛որոշէ հաստատել, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառակապակցութիւնը խնդիր պիտի չստեղծէ Սպիտակ տան մէջ, ան այս անգամ կ՛ուղղուի Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան խորհրդատու Ռիչըրտ Ալլընի մօտ: «Կ՛ուզէի քեզի ալ ցոյց տալ այս գրութիւնը: Արդէն իսկ կարդացած է Պատ Նանսը. անգամ մը դուն ալ կարդա՛»: Ան կը հարցնէ. «Ասիկա պատմական իրականութի՞ւն է…», Խաչիկեան կը հաստատէ: Ալլըն կը համաձայնի` «Քանի որ պատմական իրականութիւն է, ոչ մէկ պատճառ կայ զայն դուրս ձգելու հռչակագիրէն»:

Խաչիկեան իր յուշամատեանի էջերուն մէջ արձանագրած է իր ընկերոջմէ` Ճիմ Ռենճիլեանէն ստացած ընկերակցութեան հրաւէրին մասին դէպի Արլինկթընի գերեզմանատունը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակութեան օրը` 24 ապրիլ 1985-ին: Ոգեկոչումի ձեռնարկին ընթացքին Խաչիկեան կը վերյիշէ այն բոլոր պատմութիւնները, զորս լսած էր իր մանկութեան տարիներուն, Ցեղասպանութեան ողբերգութեան մասին: Իր հայրը Ցեղասպանութենէն վերապրած էր. Խաչիկեան կը նկարագրէր այդ դէպքերը` իբրեւ «բռնի ուժով տեղահանում իրենց պապենական տուներէն, երբ թուրքերը կը ջարդէին Անաթոլիոյ հայ բնակչութիւնը` զէնքով, սովամահութեան եւ համաճարակի ճամբով ու բռնի քայլերով»:

Խաչիկեան կը մէջբերէ Արիս Գալֆայեանի գիրքէն տողեր` Չոքմալուի մասին, նկարագրելով բռնագաղթի ենթարկուած հայ ժողովուրդին դժոխանման չարչարանքն ու տառապանքը: Խաչիկեան կը բացայայտէ, որ ի հետեւանք Հայոց ցեղասպանութեան` «Հայրս վեց տարեկանին կորսնցուցած է մայրը, եղբայրը եւ քոյրը»:

Խաչիկեան` վշտագին, կը նկարագրէ իր զգացումները Արլինկթըն գերեզմանատան մէջ հետեւեալ տողերով. «Երաժշտութիւնն ու աղօթքները Արլինկթընի մէջ երեւան բերին մանկութեան տարիներէս մտքիս մէջ դրոշմուած բոլոր այդ տխրագին յիշատակները: 1915 թուականին Սուրիոյ անապատներուն մէջ գոյութիւն ունեցած է Պերկըն-Պելսըն մը, որ պատմութիւնը մոռացութեան ենթարկած է. այժմ լռելեայն, ճամբուն վրայ դէպի Սպիտակ տուն, վերապրելով այս բոլոր զnհերուն եւ վերապրողներուն ցաւն ու տառապանքը, կը յստականայ իմ առաքելութիւնս»:

Խաչիկեան կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Արլինկթընի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակութեան արարողութիւնը զինք կը ներշնչէ, որ շարադրէ այն գրութիւնը, զոր մարդիկ կոչեցին Ռիկընի լաւագոյն ճառը, որ նախագահը կ՛արտասանէ քանի մը օր ետք Գերմանիոյ Պերկըն-Պելսընի այցի ընթացքին:

Խաչիկեան կ՛եզրափակէ` ըսելով. « Այ. Պի. Էմ. տպագրական մեքենային աղմուկը սկսաւ պոռալ այն օրուան լսած պատմութիւններս իմ ընդմէջէս: Այն պատմութիւնը, զոր նախագահը եւ ես պէտք էր պատմէինք»:

http://www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

 

Նախորդը

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ – Դ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

«Իրական Հայաստանը» Եւ «Իրականանալին»

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?