Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Կը Հաստատեն, Որ Հայաստան «Հիւլէական Համաձայնագիր»-ին Միանալու Դիմում Ներկայացուցած Է

Օգոստոս 23, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կ՛ուսումնասիրեն Հայաստանի դիմումը` միանալու «123-րդ համաձայնագիր»-ին, որուն հաստատման պարագային Հայաստանը կրնայ ամերիկեան քաղաքային հիւլէական ճարտարագիտութիւններ ստանալ: Այս մասին «Սիվիլնեթ»-ին տուած գրաւոր մեկնաբանութեան մէջ ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային օրէնքին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է ստորագրէ Միացեալ Նահանգներու հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան հռչակագիրի 123-րդ բաժինը, որ կը սահմանէ այլ երկիրներու քաղաքային հիւլէական ճարտարագիտութիւններ փոխանցելու անհրաժեշտ պայմանները: Միացեալ Նահանգներ նման գործարքներ ունին 48 երկիրներու եւ տարածքներու հետ` ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 2022-ին թարմացուած տուեալներուն:

Եթէ Հայաստան միանայ «123-րդ համաձայնագիր»-ին, ատիկա կրնայ ճամբայ հարթել Հայաստանի մէջ ամերիկեան ճարտարագիտութիւններով նոր հիւլէական կայան նախագծելու եւ կառուցելու համար, որ պիտի փոխարինէ Մեծամօրի` խորհրդային ժամանակաշրջանին կառուցուած հիւլէական կայանը:

«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չի կիսեր բանակցային հոլովոյթի մանրամասնութիւնները, սակայն մենք կրնանք ըսել, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատշաճ ուշադրութիւն կը դարձնէ «123-րդ համաձայնագիր»-ին միանալու Հայաստանի խնդրանքին», «Սիվիլնեթ»-ին տուած գրաւոր մեկնաբանութեան մէջ ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Թէեւ մենք չենք կրնար տրամադրել այլ երկիրներու հետ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան բանակցութիւններու ներքին հոլովոյթի մանրամասնութիւնները, սակայն Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունեն Հայաստանի հետ քաղաքային հիւլէական համագործակցութիւնը խորացնելու կարելիութիւնը», կը նշուի պատասխանին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «այլ երկիրներու հետ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան բանակցութիւններու ներքին հոլովոյթին» կամ այս գործարքի հաստատման ժամանակացոյցին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չէ յայտնած: Բանակցութիւնները սովորաբար տարիներ կը տեւեն:

«Սիվիլնեթ» կը նշէ, որ ասիկա առաջին դէպքն է, որ Միացեալ Նահանգները կամ Հայաստանը հրապարակաւ կը հաստատեն, որ Երեւանը դիմած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքային հիւլէական ուժանիւթի համաձայնագիրին միանալու համար:

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ամրան սկիզբը ըսած էր, թէ հիւլէական հարցերով «գնդակը Միացեալ Նահագներու դաշտն է»` այլ մանրամասնութիւններ չյայտնելով:

Աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթի փոխնախարար Յակոբ Վարդանեան «Սիվիլնեթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, թէ Հայաստանը Միացեալ Նահանգներուն դիմած է խորացնելու հիւլէական գործընկերութիւնը` չյստակացնելով, թէ Երեւանը ինչի՛ կը ձգտի:

Երեւանը եւ Ուաշինկթընը 2022-ին արդէն իսկ ստորագրած են քաղաքային հիւլէական համագործակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր: Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին, ատիկա կը սահմանէ «համագործակցութեան շրջագիծը», սակայն «123-րդ համաձայնագիր»-ին նման կանաչ լոյս չի տար հիւլէական ճարտարագիտութիւններու արտածման համար:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շարունակէ ՔՈՓ29-ի Հարցով Իր Արշաւը

Յաջորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Երեւանի Կողմէ Իր Ռազմավարական Սխալներու Մեղքը Ռուսիոյ Վրայ Նետելու Հերթական Օրինակն Է»

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?