Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆայեատ. «Ֆիուլ Օյլի Բեռը 24 Օգոստոսին Պիտի Հասնի Պէյրութ»

August 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ ռուսական «Սփութնիք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան տագնապին ու երկրին ամբողջական մութի մատնուելուն հիմնականին մէջ երկու պատճառ կայ` առաջինը արտաքին` ամերիկեան շրջափակումն ու «Սիզըր» օրէնքին հիմամբ պատժամիջոցներ են, որոնք յանգեցան Լիբանանը Ֆիուլ օյլ ստանալու աղբիւրներու բազմազանութենէն զրկելուն, եւ այդ է, ինչ որ պատահեցաւ Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ ստորագրուած համաձայնութիւններէն ետք, երբ «Սիզըր» օրէնքը արգիլեց զանոնք գործադրել:

«Երկրորդը` ներքին ազդակ է. կողմերուն միջեւ քաղաքական վէճերն են»:

«Երկու տարի առաջ լիբանանեան իշխանութիւններուն հասաւ ամերիկեան նամակ մը, որ կը խոստանար լուծել «Սիզըր» օրէնքին առնչուած պատժամիջոցներու հարցը, սակայն մինչեւ այս պահս չգործադրուեցաւ այս խոստումը, ընդհակառակը, այն պայմանները, որոնք վարչական բնոյթ ունէին, վերածուեցան ելեւմտական եւ ապահովական պայմաններու, որոնք առնչուած են Իսրայէլի անվտանգութեան, եւ մենք առանց նախապայմաններու օժանդակութիւն կ՛ուզենք», ըսաւ նախարարի պաշտօնակատարը:

«Կը նախատեսուի, որ «Սփոթ Քարկօ» բեռը Լիբանան հասնի 24 օգոստոսին, եւ քննութենէ ետք մուտք կը գործէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պահեստանոցներ», յայտնեց Ֆայեատ:

Նախարարի պաշտօնակատարը ըսաւ, որ անիկա 30 հազար թոն կազ օյլ է, որ 600 մեկաուաթ մատակարարում կ՛ապահովէ, ինչ որ համազօր է օրական 6 ժամ ելեկտրականութեան:

«Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը Կեդրոնական դրամատան արտօնութիւն տուաւ նաւուն աշխատանքին ձեռնարկելու յատկացուած վարկ տրամադրելու եւ քարիւղը լեցնելու` նախատեսուած ժամկէտին Լիբանան հասնելու համար», ըսաւ Ֆայեատ:

 

Նախորդը

Պու Հապիպ Վերահաստատեց Ալճերիոյ Նախագահին Լիբանանի Վառելանիւթ Մատակարարելու Նախաձեռնութեան Կառավարութեան Գնահատումը

Յաջորդը

Լուքաշենքօ. «Հայերը Մեզմէ Բացի Որո՞ւ Պէտք Են. Ի՞նչ Ֆրանսա, Ի՞նչ Մաքրոն, Վաղը Մաքրոնը Պիտի Չըլլայ, Եւ Բոլորը Պիտի Մոռնան Հայաստանի Մասին»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.