Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ Վերահաստատեց Ալճերիոյ Նախագահին Լիբանանի Վառելանիւթ Մատակարարելու Նախաձեռնութեան Կառավարութեան Գնահատումը

August 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հեռաձայնեց իր ալճերիացի պաշտօնակից Ահմետ Աթաֆի:

Ան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին վերահաստատեց Ալճերիոյ նախագահ Ապտելմաժիտ Թիպոնի Լիբանանին իր ելեկտրակայանները վերստին բանեցնելու համար վառելանիւթ մատակարարելու նախաձեռնութեան նկատմամբ լիբանանեան կառավարութեան շնորհակալութիւնն ու գնահատումը, ինչպէս նաեւ «եղբայրական Ալճերիոյ քայլէն» լիբանանցիներու զգացուածութիւնն ու երախտապարտութիւնը:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ալճերիոյ` Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած մեծ աջակցութեան եւ իր դիմագրաւած բոլոր դժուար պայմաններուն մէջ անոր զօրավիգ կանգնելուն համար»:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը ողջունեց երկու երկիրներուն միջեւ ՄԱԿ-ի եւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ երկու երկիրները հետաքրքրող հարցերուն շուրջ շարունակուող գործակցութիւնն ու համակարգումը:

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց. «Ալճերիան չ՛ուզեր Լիբանանը խոր մթութեան մէջ տեսնել, եւ այժմ կը սերտէ վառելանիւթը անոր ուղարկելու ամէնէն արագ միջոցը»:

Ան յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է «միջազգային հարթակներու վրայ, մասնաւորաբար Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Լիբանանին աջակցելու համար պէտք եղածը ընելու»:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փենի Ուանկի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի ու շրջանին մէջ ապահովական կացութիւնները, լիբանանեան հողերուն վրայ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումները եւ հարաւային Լիբանանի մէջ հանդարտութեան վերականգնման համար անոնց վերջ տալու կարեւորութիւնը:

Աւստրալիական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադարի գոյացման կարեւորութիւնը»:

Ան յայտնեց, որ Աւստրալիան նախանձախնդիր է Լիբանանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներուն անվտանգութեան ու ապահովութեան:

Պու Հապիպ նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Փրզեմսլաւ Նիեսիոլովսքին` անոր պաշտօնավարման աւարտին առիթով:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Պաղեստինի Դեսպաններու Հանդիպում

Յաջորդը

Ֆայեատ. «Ֆիուլ Օյլի Բեռը 24 Օգոստոսին Պիտի Հասնի Պէյրութ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.