Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուքաշենքօ. «Հայերը Մեզմէ Բացի Որո՞ւ Պէտք Են. Ի՞նչ Ֆրանսա, Ի՞նչ Մաքրոն, Վաղը Մաքրոնը Պիտի Չըլլայ, Եւ Բոլորը Պիտի Մոռնան Հայաստանի Մասին»

August 21, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ յետխորհրդային շրջանի որոշ երկիրներ «կ՛ուզեն Ռուսիայէն բան մը ստանալ, սակայն փոխարէնը ոչինչ տալ»: Այս մասին ան ըսած է «Ռոսիա» պատկերասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցի ընթացքին:

«Մենք (Պիելոռուսիան եւ Ռուսիան, «Ա.») փաստացի նոյն նաւակին մէջ ենք: Շրջուելու պարագային երկուքս ալ պիտի խեղդուինք` թէ՛ Ռուսիան, թէ՛ Պիելոռուսիան: Ինչո՞ւ թաքցնենք (դաշնակցային յարաբերութիւնները): Մենք չենք սկսիր խորամանկութիւն ընել, ինչպէս որ մեր որոշ յետխորհրդային պետութիւնները կ՛ընեն: Անոնք կ՛ուզեն Ռուսիայէն բան մը առնել, սակայն փոխարէնը ոչինչ տալ», ըսած է Լուքաշենքօ:

Անոր համաձայն, այդպէս չի կրնար շարունակուիլ եւ պէտք է միասնական ըլլալ:

«Հեռու չէ այն ժամանակը, երբ դուք պիտի գաք եւ նոյն Ռուսիայէն աջակցութիւն ու օգնութիւն պիտի խնդրէք: Ուրիշ օգնող չկայ: Երբ Ղազախստանի մէջ բան մը եղաւ, որո՞ւ դիմեցին, Չինաստանի՞ն, Հնդկաստանի՞ն, Փաքիստանի՞ն: Ո՛չ, Փութինէն օգնութիւն խնդրեցին: Եւ մենք այնտեղ ուժեր տեղակայեցինք, կէս օր շարունակ մեր օդանաւերը այնտեղ էջք կը կատարէին եւ ամէն ինչ իրենց տեղը կը դնէին», յայտարարած է Լուքաշենքօ` շեշտելով, որ ասիկա իբրեւ նախատինք չ՛ըսեր:

Պիելոռուսիոյ նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ արտակարգ կացութիւններու պարագային ԱՊՀ-ի անդամ երկիրները պիտի դիմեն Մոսկուայի եւ Մինսքի օգնութեան: Ան նաեւ կոչ ուղղած է` չխզելու յետխորրդային շրջանին մէջ կառուցուած տնտեսական կապերը:

«Ի՞նչ է, Ղազախստանին կամ Ուզպեքիստանին Ամերիկայի՞ մէջ, թէ՞ Եւրոպայի մէջ իրենց ապրանքներով կը սպասեն: Ո՛չ, անոնք կը խնդրեն զանոնք Ռուսիոյ մէջ վաճառել: Կայ հասարակաց շուկայ: Ինչո՞ւ կորսնցնենք այն, ինչ որ ունինք, եկէ՛ք աւելցնենք եղածին վրայ», նշած է ան:

Լուքաշենքօ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ղեկավարութեան քաղաքականութեան:

«Հայերը բացի մեզմէ որո՞ւ պէտք են: Ոչ ոքի պէտք են: Թող իրենց տնտեսութիւնը զարգացնեն եւ կեդրոնանան իրենց ունեցածին վրայ: Ի՞նչ Ֆրանսա, ի՞նչ Մաքրոն: Վաղը Մաքրոնը չ՛ըլլար, եւ բոլորը կը մոռնան Հայաստանի մասին», ըսած է ան:

Նախորդը

Ֆայեատ. «Ֆիուլ Օյլի Բեռը 24 Օգոստոսին Պիտի Հասնի Պէյրութ»

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Պաքուին Կոչ Ուղղած Է Օգտուելու ՔՈՓ29-էն` Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու Համար

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.