Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատմութիւնը Վերաշարադրելու Փորձերը Չեղեալ Պիտի Նկատեն Հայաստան-Ռուսիա Դարաւոր Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

August 17, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատմութիւնը վերաշարադրելու ոչ մէկ փորձ չեղեալ պիտի նկատէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դարաւոր յարաբերութիւնները: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին` Օշականի հերոսներու յուշարձանին մօտ` Օշականի ճակատամարտի 197-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկի ժամանակ:

«Սփութնիք Արմենիա»-ն կը հաղորդէ, որ ձեռնարկը կազմակերպած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը` Երեւանի մէջ Ռուսական տան եւ Արմաւիրի մարզպետարանին հետ միասին, ի յիշատակ Էջմիածինը պաշտպանած ռուս զինուորներու եւ հայ կամաւորներու:

«Ռուսիան անկեղծօրէն կը գնահատէ Հայաստանի հետ բարեկամութիւնը: Մեր եղբայրական ժողովուրդները զիրար կը կապեն բազմադարեան մշակութային-քաղաքակրթական կապերն ու հոգեւոր մտերմութիւնը: Պատմութիւնը վերաշարադրելու ոչ մէկ փորձ չեղեալ պիտի նկատէ այս փաստը: Հակառակ անոր որ 8-րդ դասարանի Հայոց պատմութեան նոր դասագիրքէն վերցուած է Օշականի ճակատամարտի մասին պարբերութիւնը, մենք ձեզի հետ միշտ պիտի յիշենք եւ մեծարենք այդ յիշարժան օրերու հերոսները», ըսած է Սերկէյ Քոփիրքին:

Անոր համաձայն, 17 օգոստոս 1827-ը յաւերժ գրուած է երկու ժողովուրդներու հերոսական տարեգրութեան մէջ: «Բոլոր զոհերով եւ կորուստներով հանդերձ, մեր պաշտպանները արժանապատուօրէն դիմացան ժամանակի փորձութեան եւ ապացուցեցին, որ միասնական նպատակով համախմբուած, անոնք հզօր ուժ են եւ կրնան դիմակայել եւ յաղթել որեւէ պարագայի», ըսած է դեսպանը:

«Անոնց օրինակով երիտասարդները կը սորվին այնպիսի որակներ, ինչպիսիք են հայրենասիրութիւնը, ազգային եւ մարդկային արժէքները պաշտպանելու պատրաստակամութիւնը: Յատկապէս հաճելի է այսօր այստեղ տեսնել երիտասարդներ, որոնք կը գիտակցին իրենց նախնիներու անմահ սխրանքի յիշատակը վառ պահելու պատասխանատուութիւնը», ըսած է Քոփիրքին:

Ռուսիոյ դեսպանը ընդգծած է, որ հայոց հողի քաջարի պաշտպաններու փառքը յաւերժ պիտի ապրի սերունդներու յիշողութեան մէջ` իբրեւ իսկական արիութեան եւ հերոսութեան ամէնէն վառ նմուշ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի Հարցով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դեսպաններուն

Յաջորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայաստանի Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ 8-րդ Դասարանի Պատմութեան Դասագիրքի Օգտագործումը Չարտօնելու

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.