Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայաստանի Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ 8-րդ Դասարանի Պատմութեան Դասագիրքի Օգտագործումը Չարտօնելու

August 17, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` դպրոցներուն մէջ 8-րդ դասարանի պատմութեան դասագիրքի օգտագործումը չարտօնելու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրած է «8-րդ դասարանի հայկական դպրոցներու պատմութեան դասագիրքի չափազանց կասկածելի բովանդակութեան վրայ», որուն բնագիրը հրապարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ:

«Նոր դասագիրքի գլուխներէն մէկուն մէջ` «Արեւելեան Հայաստանի բռնակցումը Ռուսիոյ» սադրիչ վերնագիրին տակ, խեղաթիւրուած ներկայացուած են 18-րդ դարու վերջի եւ 19-րդ դարու սկիզբի Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները:

Մասնաւորաբար, վերատեսութեան ենթակայ էին 1826-1828 թուականներու ռուս-պարսկական պատերազմի արդիւնքներու գնահատականները:

Կասկածի տակ դնել ռուսական կայսրութեան, Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսիոյ յատուկ դերը ներկայ Հայաստանի ձեւաւորման գործին մէջ, կը նշանակէ հակասել յայտնի փաստերուն: Ասիկա մեր հասարակաց պատմութիւնը վերաշարադրելու հերթական անամօթ փորձն է», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Յոյս ունինք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի չարտօնեն, որ նման դասագիրք տեղափոխուի դպրոցներ, ինչպէս նաեւ աչք պիտի չփակեն մեր հասարակաց անցեալը խեղաթիւրելու նման անարատ փորձերու վրայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հանրութեան վարչութեան պետ Թամարա Սարգսեան երէկ յայտարարեց, թէ «Հայոց պատմութեան» 8-րդ դասարանի նոր դասագիրքին մէջ Արեւելեան Հայաստանի Ռուսիոյ կայսրութեան միացումը իբրեւ «բռնակցում» ձեւակերպումը պիտի փոխուի:

Նախորդը

«Պատմութիւնը Վերաշարադրելու Փորձերը Չեղեալ Պիտի Նկատեն Հայաստան-Ռուսիա Դարաւոր Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Դաւիթ Տօնոյեան Ազատ Արձակուեցաւ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.