Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ. «Եթէ Քաղաքային Զոհեր Արձանագրուին Կամ Պէյրութն Ու Անոր Արուարձանները Թիրախաւորուին, Ատիկա Իսրայէլի Կողմէ Սահմանափակ Հակադարձութիւն Մը Պիտի Չնկատենք»

Յուլիս 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք սուրիական բռնագրաւուած Կոլանի Մաժտալ Շամսի դէպքին շուրջ թափանցիկ հետաքննութեան կոչ կ՛ուղղենք»: Ան նաեւ նշեց. «Կազայի մէջ գործարքի շուրջ բանակցութիւնը առնչուած է Մաժտալ Շամսի դէպքին»:

Պու Սաապ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Միջնորդները մեզի հետ մնայուն կապի մէջ են, եւ անոնք կը փորձեն, որ լայնածաւալ մագլցումի չհասնինք, եւ մենք պատերազմ չենք ուզեր, սակայն իսրայէլացիները կ՛ուզեն մագլցումը ընդլայնելով շուքի մէջ ձգել այն, ինչ որ Կազայի մէջ կը կատարուի»:

Ան նշեց, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն քաջ գիտէ Կազայի մէջ պատերազմի շարունակման պայմաններուն մէջ ճակատները վերահսկողութեան տակ պահելու դժուարութիւնը, ՄԱԿ-ի 1701 որոշումին նկատմամբ յանձնառութիւնը պէտք է երկու կողմերէն ըլլայ, եւ զայն կարելի է գործադրել միայն Կազայի պատերազմին վերջ տալով:

Խորհրդարանի փոխնախագահը ըսաւ, որ Լիբանանը միասնակամ է եւ աւելի միասնակամ պիտի դառնայ, եթէ Իսրայէլ որոշէ իր յարձակումներուն ծիրը ընդլայնել, եւ իսրայէլեան կողմը պէտք է գիտակցի, թէ պատերազմը չէ, որ հիւսիսի բնակիչները իրենց տուները պիտի վերադարձնէ:

Պու Սաապ նաեւ շեշտեց. «Եթէ քաղաքային զոհեր արձանագրուին կամ Պէյրութն ու անոր արուարձանները թիրախաւորուին, ապա ատիկա սերտուած եւ սահմանափակ հակադարձութիւն մը պիտի չնկատենք»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Առնչակից Երկիրներէ Հաւաստիացումներ Ստացանք, Թէ Իսրայէլեան Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Սահմանափակ, Այդպէս Պիտի Ըլլայ Նաեւ Հըզպալլայի Հակադարձութիւնը»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?