Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՐԱՆԻ Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասէն բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած է, որ Իրան շրջանին մէջ դիմադրութեան ճակատի բոլոր հրամանատարներուն կոչ ուղղած է` զօրակոչի ենթարկուելու առ ի նախազգուշացում Լիբանանի վրայ Իսրայէլի յարձակումին:

«Քուտս» զօրամասի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային յայտնած է, որ իր պատկերացումով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ձախողած է Ուաշինկթընը համոզել Լիբանանի վրայ իր պատերազմին զօրակցելու եւ այժմ կ՛ուզէ բոլորը կատարուած իրողութեան առջեւ դնել: Ան Մաժտալ Շամսի դէպքը հնարեց Լիբանանի ճակատը բանալու համար, եւ Հըզպալլան պէտք է զգուշ ըլլայ թակարդը չիյնալու համար:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին կը յայտնեն, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Մաժտալ Շամսի դէպքէն ետք անմիջապէս կապ հաստատած է Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ անուղղակի կերպով Հըզպալլայի ղեկավարութեան հետ` պատերազմի ընդլայնումը կանխարգիլելու համար:

Աղբիւրները կը նշեն, որ Հըզպալլան վերահաստատած է պատերազմի ընդլայնման կանխարգիլման իր զօրակցութիւնը, եւ թէ պատրաստ չէ Իսրայէլի կողմէ անոր ընդլայնման մէջ ներքաշուելու: Կուսակցութիւնը յայտնած է, որ Կազայի պատերազմի սկիզբէն ի վեր յանձն առած է իսրայէլեան բնակեցման վայրերու քաղաքայինները չթիրախաւորել, ուստի անկարելի է, որ թիրախաւորէ բռնագրաւեալ Մաժտալ Շամսի բնակիչները, որոնք կառչած կը մնան իրենց սուրիական եւ արաբական ինքնութեան:

– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Մաժտալ Շամսի մէջ թափուած արիւնը ամօթի յաւելեալ խարան է, իսկ անոր պատասխանատուն Իսրայէլն է:

– «ՇԱՐՔ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնած է. «Իսրայէլեան պնդումը, թէ Հըզպալլան Մաժտալ Շամսի վրայ հրթիռ արձակած է, սուտ է: Ժամանակն է, որ Իսրայէլ հասկնայ, թէ չի կրնար Դիմադրութեան ոգին ոչնչացնել»: «Իսրայէլ չի կրնար Դիմադրութիւնը ոչնչացնել», շեշտեց ան` նշելով. «Հըզպալլան իր գործողութիւններուն մէջ կը յարգէ բախումի կանոնները եւ կուսակցութիւնը կը հակադարձէ այն ժամանակ միայն, երբ Իսրայէլ զանոնք խախտէ»:

«Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն ըսաւ, որ Իսրայէլ լայնածաւալ գործողութիւն պիտի կատարէ: Անոր կը յիշեցնեմ, որ ինք միջնորդ է եւ ոչ թէ Իսրայէլի սպառնալիքները փոխանցող», յայտնեց Ժոմպլաթ` աւելցնելով, որ ինք Հոքշթայնին ըսած է, թէ Հըզպալլան Մաժտալ Շամսը չռմբակոծեց:

– ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց հարաւային Լիբանանի մէջ մագլցումի վտանգէն` նշելով, որ ատիկա կրնայ շրջանային համապարփակ պատերազմի յանգեցնել:

Նախարարութեան բանբեր Սֆիան Քատաթ նշեց Լիբանանին, անոր անվտանգութեան, կայունութեան, ժողովուրդին անվտանգութեան եւ կառոյցներուն աջակցելու կարեւորութիւնը` շեշտելով. «Յաւելեալ մագլցումէ խուսափելու համար պէտք է յանձնառու ըլլալ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին»:

– ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի յայտարարեց. «Խօսեցայ Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` մտահոգութիւնս յայտնելով լարուածութեան մագլցումին նկատմամբ, եւ ողջունեցի (լիբանանեան) կառավարութեան հաղորդագրութիւնը, որ կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու»:

«Համաձայն գտնուեցանք, որ շրջանին մէջ տագնապի ընդլայնումը ոչ ոքի շահերէն կը բխի», նշեց Լամի:

– ԻՏԱԼԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանի յայտնեց. «Միջին Արեւելքի մէջ բռնութեան ոլորապտոյտը կարելի է դադրեցնել, եւ (իտալական) կառավարութիւնը խաղաղութեան ու կայունութեան յանձնառու է նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան (ՖԻՆԻՒԼ) իտալական զօրամասի ճամբով, եւ կոչ ուղղեցի` զայն պաշտպանելու»:

«Նոր պատերազմէ խուսափելու համար խօսեցայ Լիբանանի եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ», ըսաւ ան` շեշտելով. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի յարգումը չափազանց կարեւոր հարց է»:

– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի հիւպատոսական հարցերու օգնական Ռենա Փիթըր յայտնեց. «Լիբանան Միացեալ Նահանգներուն բարեկամ է, եւ ուրախ եմ առաջին անգամ այցելելով»: Ան իր երկրի քաղաքացիները յորդորեց Լիբանան չայցելելու, եւ Լիբանան գտնուողները յորդորեց տագնապներու նախապատրաստման քայլեր պատրաստելու եւ տագնապի սկիզբէն առաջ երկրէն հեռանալու:

– ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տենիս Քոմեթաթ յայտարարեց. «Գերմանահպատակները կը յորդորենք շտապ կերպով Լիբանանէն հեռանալու»:

– «ՌՈՅԹԸՐԶ» հաղորդեց. «Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր երկրին քաղաքացիները կը յորդորէ Լիբանանէն հեռանալու»:

– ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ «Լուֆթանզա» ընկերութիւնը մինչեւ 30 յուլիս առկախեց դէպի Պէյրութ իր թռիչքները:

– ԶՈՒԻՑԵՐԻԱԿԱՆ օդանաւային ընկերութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան պատճառով մինչեւ 5 օգոստոս առկախեց դէպի Պէյրութ իր թռիչքները:

– «ԷՐ ՖՐԱՆՍ» եւ «Թրանսաւիա» ընկերութիւնները յայտարարեցին, որ «ապահովական կացութեան պատճառով» կ՛առկախեն երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օրուան դէպի Պէյրութ իրենց թռիչքները:

– ՅՈՐԴԱՆԱՆԵԱՆ քաղաքային թռիչքներու մարմինը յայտարարեց, թէ յորդանանեան օդանաւային ընկերութիւններու դէպի Պէյրութ թռիչքները վտանգներու գնահատման հետեւանքով առ ի զգուշացում առկախուած են:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Կրնանք Իսրայէլ Մուտք Գործել, Ճիշդ Ինչպէս Ղարաբաղ Եւ Լիպիա Մուտք Գործեցինք»

Յաջորդը

Պու Սաապ. «Եթէ Քաղաքային Զոհեր Արձանագրուին Կամ Պէյրութն Ու Անոր Արուարձանները Թիրախաւորուին, Ատիկա Իսրայէլի Կողմէ Սահմանափակ Հակադարձութիւն Մը Պիտի Չնկատենք»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?