Վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթի շարք մը դիւանագիտական ու քաղաքական հաղորդակցութիւններ ունեցաւ վերջին զարգացումներուն եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներուն շուրջ:
Միքաթի իր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնն ու զինադադարը կը մնան լուծման միակ տարբերակները:
Ան վերահաստատեց լիբանանեան կեցուածքը` քաղաքայիններուն դէմ ամէն տեսակի բռնարարքները դատապարտող, բոլոր ճակատներուն վրայ մնայուն զինադադարի միտող մարդկային յաւելեալ կորուստներ, յաւելեալ մագլցում կասեցնելու նպատակով:
«Լիբանանեան դիրքորոշումը Լիբանանի բոլոր բարեկամներուն կողմէ դրական ընկալումի կ՛արժանանայ, եւ միջազգային, եւրոպական ու արաբական կողմերու հետ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին Լիբանանը պաշտպանելու եւ վտանգը անկէ հեռացնելու համար», նշեց Միքաթի: