Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ այցելեց Սայտա` ընկերակցութեամբ նախկին երեսփոխաններ Ամալ Ապու Զէյտի եւ Սալիմ Խուրիի, Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարի ազգային աշխատանքի հարցով տեղակալ Ռապիհ Աուսատ, քաղաքական աշխատանքով տեղակալ Մարթին Նաժըմ Քթէյլիի, իր խորհրդական Մանսուր Ֆատէլի, Ժըզզինի քաղաքապետութիւններու միութեան նախագահ Խալիլ Հարֆուշի, Ժըզզինի շրջանին մէջ հոսանքի ղեկավար Անթուան Ֆարհաթի:
Սայտայի մէջ իր շրջապտոյտին սկիզբը Պասիլ այցելեց քաղաքի մէջ Ժամաա Իսլամիայի կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ կազմակերպութեան քաղաքական գրասենեակի փոխնախագահ Պասսամ Համուտի հետ:
Պասիլ յայտարարեց. «Այս շրջապտոյտը կը սկսինք այս կեդրոնէն, եւ հոս կարելի է ըսել, որ կրնանք միասնաբար աշխատիլ ազգային եւ ռազմավարական մակարդակի վրայ»` աւելցնելով. «Քաղաքականութեան մէջ տարակարծիք ենք, սակայն ներքին ճակատի վրայ պէտք է միասնական ըլլանք, մանաւանդ որ իսրայէլեան վտանգ կը դիմագրաւենք»:
Համուտ իր կարգին ըսաւ. «Սայտան համակեցութեան բնորդ էր, եւ կ՛ուզէինք այս բնորդը կիրարկել Լիբանանի մակարդակի վրայ, եւ դուք Սայտա մուտք կը գործէք անոր դուռէն, ուստի բարի եկած էք»` աւելցնելով. «Անշուշտ հարաւի մէջ պատերազմ կայ, եւ իբրեւ Ժամաա Իսլամիա, մեր որոշումը յստակ է, ու զայն կը պահպանենք»:
«Նախանձախնդիր ենք քանդելու խոչընդոտները, եւ կը կարծեմ, թէ հասարակաց կէտերը, որոնց կարելի է յենիլ, տարակարծութեան կէտերէն աւելի շատ են», աւելցուց ան:
Ապա Պասիլ հանդիպում ունեցաւ երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրիի հետ եւ շեշտեց կարեւորութիւնը պահպանելու Թաէֆի համաձայնագիրը, որ` նախագահի բացակայութեան, նախարարաց խորհուրդին հաւաքական լիազօրութիւններ կու տայ: Պըզրի իր կարգին շեշտեց տրուած այս այցելութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան դատին աջակցող արաբական կեցուածք դրսեւորելու անհրաժեշտութիւնը:
Ազգային Ազատ հոսանքի ղեկավարը այցելեց երեսփոխան Ուսամա Սաատին եւ անոր հետ քննարկեց կենցաղային ու բարգաւաճման հարցեր: Ան նաեւ իրազեկ եղաւ Սայտայի բնակիչներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
Պասիլ նաեւ այցելեց Սայտայի մէջ Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Մուհամետ Օսէյրանի, քաղաքի Տար Ֆաթուայի մէջ միւֆթի շէյխ Սալիմ Սումանի, յոյն կաթողիկէներու առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Էլի եպս. Հատտատի հետ: Պասիլ առաջնորդարանի մատեանին մէջ գրեց. «Սայտան չափաւորականութեան խորհրդանիշն է»` աւելցնելով. «Մեր այստեղ ու ամբողջ հարաւի մէջ ներկայութիւնը արտայայտութիւն է հաղորդակցելու կարողութեան եւ մնալու, տոկալու եւ ազդու դերակատարութիւն ունենալու»:
Ան իր շրջապտոյտը աւարտեց այցելելով Սայտայի քաղաքապետարան:


