– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ` անդրադառնալով Մաժտալ Շամսի դէպքին, յայտնեց. «Քաղաքայիններու թիրախաւորումը մերժելի եւ դատապարտելի է` ըլլայ այդ բռնագրաւեալ Պաղեստինի, բռնագրաւեալ Կոլանի կամ հարաւային Լիբանանի մէջ, եւ իսրայէլեան թշնամիին պատմութիւնն ու ներկան լեցուն են քաղաքայիններուն ջարդերով: Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Կոլանի մէջ բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ` թշնամիի քանդիչ ծրագիրին նպաստող սադրանքէն հեռու մնալու, որովհետեւ պահանջուածը պատերազմի ընդարձակումի կանխարգիլել, յարձակումը անմիջապէս դադրեցնելն ու զինադադարն են»:
Ժոմպլաթ նշեց, որ դէպքին հետ իր առնչութիւնը հերքող Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութեան լոյսին տակ, պէտք է զգուշանալ սադրանքէն, տարածաշրջանը մասնատելու եւ անոր տարրերը թիրախաւորելու վաղեմի իսրայէլեան նպատակէն: «Մինչ անիկա դարձեալ գլուխը կը ցցէ, մենք անոր դէմ կը կանգնինք Դիմադրութեան կողքին եւ բոլոր դիմադրողներուն, որոնք իսրայէլեան ոճիրն ու բռնագրաւումը կը դիմագրաւեն»:
Ժոմպլաթ նաեւ հեռաձայն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնէն, որ «մտահոգութիւն յայտնեց Մաժտալ Շամսի դէպքին լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի ճակատին վրայ կացութեան զարգացումներէն»:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարը իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Պաղեստինի դէմ իսրայէլեան յարձակումը պէտք է անմիջապէս դադրի` ընդգծելով, թէ ինք բոլոր լիբանանցիներուն հետ այդ յարձակումին դիմակայման կը զօրակցի, եւ կը շարունակէ իր փորձերը` կարելի սահմաններուն մէջ պատերազմի ընդլայնման կանխարգիլման:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան Մաժտալ Շամսի դէպքը նկատեց բռնագրաւեալ Կոլանը իր աշխարհագրական, ընտանեկան բնոյթէն անջատելու ձախող փորձ մը` աւելցնելով, որ Կոլանը այդ թակարդին մէջ պիտի չինայ:
– ԹԱՈՒՀԻՏ Արապի կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց` «պատերազմը դադրեցնելու եւ Լիբանանի ճակատագիրին վերաբերող արկածախնդրութիւն չկատարելու»` շեշտելով. «Ժամանակն է դադրեցնելու այս շարունակուող արիւնահոսութիւնը: Տարածաշրջանը հրաբուխի վրայ է, եւ Լիբանանը սուղ գին պիտի վճարէ»: Ան ըսաւ, որ Մաժտալ Շամս գիծի բնակիչները «սուղ գին կը վճարեն»` աւելցնելով. «Մեր արիւնը աժան չէ, կը պահանջենք ՄԱԿ-ի մասնակցութեամբ անկախ հետաքննութիւն կատարել Մաժտալ Շամսի ջարդի ծալքերը բացայայտելու համար»:
– ՏԻՒՐԶԻՆԵՐՈՒ հոգեւոր պետ Սամի Ապու Մունա բուռն կերպով դատապարտեց «բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ Մաժտալ Շամսի դէմ ահաբեկչական յարձակումը»: Ան յայտնեց, որ Մաժտալ Շամսի եւ Կոլանի տիւրզիները կառչած կը մնան իրենց արաբական ազգային ինքնութեան եւ անոնց կոչ ուղղեց` իրազեկութեամբ, ողջախոհութեամբ, ամուր դիրքորոշմամբ ու խօսքի միասնութեամբ մօտենալու հարցերուն:
– ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր իսրայէլեան պետութեան բռնագրաւեալ Սուրիոյ նահատակ մանուկները ողբալը նկատեց «անբարոյականութեան ու կեղծաւորութեան գագաթնակէտը»: «Նահատակ մանուկները անիրաւուած արաբ երեխաներ են, ճիշդ անոնց պէս, զորս բռնագրաւման պետութիւնը սպաննեց Խան Եունեսի, Մաուասիի, Ռաֆահի եւ Մաամատանի հիւանդանոցին մէջ»:
«Բոլոր վայրերուն մէջ մարդասպանը նո՛յնն է, Իսրայէլն է», ընդգծեց երեսփոխանը:


