Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 26, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՐԱՆԻ «Քուտս» զօրամասէն բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած է, թէ Հըզպալլան այլեւս ունի ելեկտրոմագնիսական ռումբեր եւ հրթիռներ, որոնք կ՛անդամալուծեն հաղորդակցութիւններն ու ռատարները` աւելցնելով, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը «քանի մը օր առաջ տեսակարար այդ զէնքերը յաջողութեամբ յանձնեց» կուսակցութեան:

– ՀԸԶՊԱԼԼԱ յայտարարեց, որ իր մարտիկները հակաօդային հրթիռներ արձակած են հարաւային Լիբանանի օդային տարածքին մէջ թռիչք կատարող իսրայէլեան օդանաւերու վրայ եւ ստիպած, որ անոնք սահմանէն անդին նահանջեն:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժի հրամանատար Թոմար Պար հիւսիսային Իսրայէլի մէջ տեղական պաշտօնատարներու ուղղուած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են պատերազմի` աւելցնելով. «Վճռական կերպով պիտի գործենք թշնամիի մը դէմ, որ կը ճանչնանք, եւ անակնկալներ պիտի ըլլան»:

– ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքէն աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը ի զօրու է, եւ «լուծման դուռ է, եւ առանց փոխադարձ հասկացողութեան նախագահի ընտրութիւն չէ եղած եւ պիտի չըլլայ»:

– ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի հետ եւ անոր հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումները, Ուաշինկթըն եւ Նիւ Եորք իր կատարած այցելութեան ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգման, թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան եւ լիբանանեան բանակին աջակցելու վերաբերեալ ամերիկացի եւ ՄԱԿ-էն պաշտօնատարներու հետ իր հանդիպումներուն արդիւնքները:

 

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Համասին Վրայ Ամբողջական Յաղթանակէն Նուազ Պիտի Չընդունինք, Եւ Հիւսիսի Անվտանգութեան Վերականգնման Համար Պէտք Եղածը Պիտի Ընենք»

Յաջորդը

Ամերիկեան Արդարադատութեան Կարծիքով` Սալման Ռուշտին Դանակահարած Ծագումով Լիբանանցի Անձը «Յանուն Հըզպալլայի Ահաբեկչական Արարք» Գործած Է

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.