Ռուսիան պատրաստ է իր հարթակը տրամադրելու Ազրպէյճանի ու Հայաստանի ներկայացուցիչներուն միջեւ բանակցութիւններու համար եւ անոնց համար ամէնէն յարմար պայմանները պիտի ստեղծէ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները:
Ըստ անոր, Ռուսիան տակաւին 2022 թուականին (Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու 31 հոկտեմբերի յայտարարութեան մէջ) ընդգծած է երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման աշխուժ նախապատրաստութեան կարեւորութիւնը` շրջանը կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասցնելու համար:
«Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիան նաեւ պարտաւորուած է շարունակելու ըստ կարելւոյն աջակցութիւն ցուցաբերել հոլովոյթին: Այսինքն` մեր մօտեցումը ոչ միայն կայուն է, ատիկա արձանագրուած է նաեւ մեր երկրի ստորագրած փաստաթուղթին մէջ: Նման օգնութեան ծաւալն ու ձեւը պէտք է ընդունելի ըլլան բանակցող կողմերէն իւրաքանչիւրին համար` ըստ ձեռք բերուած պայմանաւորութիւններուն, Մոսկուան բազմիցս ընդունած է խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու փուլերը: Մենք պատրաստ ենք ատիկա ապագային ընելու», ըսած է Զախարովա:
Ան նշած է, որ Մոսկուան նաեւ կ՛երաշխաւորէ երկու պատուիրակութիւններու աշխատանքին համար առաւել յարմարաւէտ պայմաններու ստեղծումը` իրենց նախընտրած երկկողմանի ձեւաչափով: Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիան կ՛ողջունէ ջանքերը ղազախ գործընկերներուն, որոնք նախաձեռնած եւ կազմակերպած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Ալմաթիի մէջ 10-11 մայիսի հանդիպումը:
«Մենք նաեւ մեր դաշնակիցներուն միջեւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը իբրեւ շրջանին մէջ անքակտելի անվտանգութեան եւ կայուն տնտեսական զարգացման ճարտարապետութեան նախապայման կը նկատենք: Եւ անիկա պէտք է կառուցեն շրջանի երկիրները, եւ ոչ թէ դուրսէն», ըսած է Զախարովա:
Ան յոյս յայտնած է, որ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները երկկողմանի համաձայնութիւններուն համապատասխան շուտափոյթ կը լուծուին, եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման այլ բարձրագոյն մակարդակով ոլորտներու մէջ յաջող յառաջընթաց կ՛արձանագրուի:
Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի զինեալ ուժերուն 10 միլիոն եւրոյի տրամադրման` Զախարովա յայտարարած է. «Մենք բազմիցս նշած ենք այն փաստը, որ Եւրոպական Միութիւնը կորսնցուցած է իր խաղաղ հիմքը եւ չունի խաղաղութիւն հաստատելու ներուժ, որ կրնայ օգտագործել: Եղած են ժամանակներ, երբ Եւրոպական Միութիւնը, գոնէ խօսքով, կը ձգտէր խաղաղ, կայուն կացութեան մը, կը փորձէր բան մը ամրապնդել, բանակցութիւններ վարել: Հիմա ակնյայտ է, թէ ի՛նչ որոշումներ կը տրուին, ի՛նչ փաստաթուղթեր կը ստորագրուին: Եւրոպական Միութիւնը որդեգրած է ռազմականացման, ճակատումի ընթացք եւ կը ծառայէ ոչ թէ իր քաղաքացիներուն, այլ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի շահերուն»:
«Եւրոպական Միութեան Հայաստանի զինեալ ուժերուն աջակցելու համար 10 միլիոն եւրօ յատկացնելու ծրագիրներուն ետին ի հարկէ, կան Եւրոպական Միութեան աշխարհաքաղաքական հաշիւները` իր կործանարար ազդեցութիւնը տարածելու այս շրջանի վրայ, այսինքն` Անդրկովկասի վրայ:
«Մենք վստահ ենք, որ, ինծի կը թուի, ատիկա նոյնիսկ ակնյայտ է, եւ ատիկա կ՛երեւի ուղղակի Ուքրանիոյ օրինակէն, որ, այսպէս կոչուած, Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամը խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան մասին չէ: Խօսքը կը վերաբերի պատերազմին, երկիրները հրահրելուն, արիւնահեղութեան»:
Հաճիզատէ. «Ազրպէյճանը Միշտ Պատրաստ Եղած Է
Հայաստանի Հետ Ռուսիոյ Եւ Այլ Վայրերու Մէջ Բանակցութիւններու»
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ` մեկնաբանելով հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն բանակցութիւններու համար հարթակ տրամադրելու Մոսկուայի պատրաստակամութեան վերաբերեալ Զախարովայի յայտարարութիւնը, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Ազրպէյճանական կողմը միշտ պատրաստ եղած է հայկական կողմին հետ Ռուսիոյ եւ այլ վայրերու մէջ բանակցութիւններու»: