Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեզեշքիան. «Թեհրան Առաջնահերթութիւն Պիտի Տայ Դրացիներու Հետ Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

Յուլիս 15, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեհրան առաջնահերթութիւն պիտի տայ դրացիներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման: Այս մասին «Իմ ուղերձս նոր աշխարհին» խորագիրով յօդուածին մէջ գրած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան:

Փեզեշքիան «Թեհրան Թայմզ»-ի մէջ հրապարակուած ուղերձին մէջ նշած է, որ Իրանը կողմնակից է «ուժեղ շրջանի» ստեղծման, եւ ոչ թէ շրջանի մը, ուր երկիր մը կը ձգտի գերիշխանութեան եւ գերակայութեան հասնելու միւսներու նկատմամբ:

Ան համոզում յայտնած է, որ դրացի եւ եղբայրական պետութիւնները պէտք չէ իրենց արժէքաւոր ներուժը վատնեն կործանարար մրցակցութեան, սպառազինութիւններու մրցավազքի եւ զիրար անհիմն զսպելու վրայ:

Փեզեշքիան ընդգծած է, որ ատոր փոխարէն Իրան պիտի ձգտի ստեղծելու պայմաններ, որոնց մէջ հարստութիւնները պիտի ուղղուին շրջանի զարգացման ու յառաջընթացին` ի շահ բոլորին:

«Մենք կ՛ակնկալենք համագործակցութիւն Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Օմանի, Իրաքի, Պահրէյնի, Քաթարի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ շրջանային կազմակերպութիւններու հետ` մեր կապերը խորացնելու եւ հասարակաց խնդիրները լուծելու համար», իր յօդուածին մէջ նշած է նախագահը` աւելցնելով, որ իր վարչակազմը դրացի արաբական երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ համագործակցելու եւ օգտագործելու բոլոր քաղաքական ու դիւանագիտական լծակները Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի առաջնահերթութիւն տալու համար, որպէսզի դադրեցուի կոտորածը եւ կանխուի տագնապներու տարածումը:

Փեզեշքիան անդրադարձած է նաեւ ռուս-ուքրանական տագնապին եւ նշած, որ Թեհրան կը փորձէ խաղաղութեան հասնիլ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդներուն միջեւ, Իրան պիտի աջակցի ատոր ուղղուած նախաձեռնութիւններուն:

«Չինաստանն ու Ռուսիան դժուար պահերուն մեզի աջակցած են, եւ մենք խորապէս կը գնահատենք այս բարեկամութիւնը: Ռուսիան Իրանի արժէքաւոր ռազմավարական դաշնակիցն է եւ դրացին, եւ իմ վարչակազմս պիտի շարունակէ ընդլայնել եւ ամրապնդել մեր համագործակցութիւնը», գրած է ան:

Խօսելով շրջանի մասին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը նկատած է, որ շրջանը շատ երկար տառապած է պատերազմներէն, միջյարանուանական տագնապներէն, ահաբեկչութենէն, ծայրայեղականութենէն, թմրեցուցիչի վաճառքէն, ջուրի պակասէն, գաղթականներու ճգնաժամէն, շրջակայ միջավայրի անկումէն եւ օտարերկրեայ միջամտութենէն:

«Եկած է այդ հասարակաց խնդիրները ի բարօրութիւն ապագայ սերունդներուն լուծելու ժամանակը: Համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնորդող սկզբունքը», իր ուղերձին մէջ շեշտած է Իրանի նախագահը:

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սահել Մեթն Շիմալի 2-0

Յաջորդը

Էրտողան. «Հիւսիսային Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Մեր Զինուորական Միջամտութիւնը Մօտեցաւ Իր Աւարտին»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?