Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հաստատութիւններէն` Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 23 նոյեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Լիքաա» կեդրոնի (Ռապուէ, Լիբանան) սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաշատ կրթական մշակներու պարգեւատրման հանդիսութիւն:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով «Համազգայինի շքանշան»-ով պարգեւատրուեցան կրթական մշակներ, լիբանանահայ մշակութային եւ հանրային ասպարէզներուն մէջ երկարամեայ գործունէութիւն ունեցած ութ վաստակաշատ ուսուցիչներ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, բարձր գնահատելով Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ յատկապէս եւ հայ կրթութեան եւ ազգային դաստիարակութեան բնագաւառներուն մէջ ընդհանրապէս երկարամեայ նուիրեալ ծառայութիւնն ու վաստակը Սեդա Ունճեան- Խտըշեանին, Շուշիկ Մաւիսագալեան-Թորոսին, Արփի Մինասեան-Կոստանեանին, Մկրտիչ Մկրտիչեանին, Շաղիկ Փափազեան-Մկրտիչեանին, Մարօ Սեփեթճեան-Քիրիաքոյին, Ռիթա Գրիգորեանին եւ Հուրի Տիգիճեան-Եղիայեանին, կը պարգեւատրէ զիրենք «Համազգայինի շքանշան»-ով:
Այս կրթական մշակները տասնամեակներ շարունակ իրենց մասնագիտական կարողութեամբ, մանկավարժական փորձառութեամբ եւ անձնուրաց նուիրումով ծառայած են Հայ ճեմարանին: Անոնք իրենց աշխատանքով ոչ միայն նպաստած են Ճեմարանի կրթական եւ կազմակերպական վերելքին, այլեւ իրենց գիտելիքներով, հոգատարութեամբ եւ օրինակելի նկարագրով դաստիարակած, առաջնորդած ու ներշնչած են աշակերտներու իրերայաջորդ սերունդներ:
Անոնցմէ իւրաքանչիւրը, իր մասնագիտական ասպարէզին եւ ստանձնած պատասխանատուութիւններուն ընդմէջէն, իր արժանի ներդրումը ունեցած է Ճեմարանի կրթական աւանդութիւններու պահպանման, մայրենի լեզուի եւ հայ մշակոյթի նկատմամբ սէր ու պատկանելիութեան զգացում փոխանցելու, ինչպէս նաեւ հայեցի դաստիարակութեան առաքելութեան շարունակականութեան մէջ: Անոնցմէ ոմանք իրենց ծառայութիւնը ընդլայնած են նաեւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մէջ` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ եւ իրենց մասնակցութիւնը բերելով միութեան գործունէութեան:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան համար այս պարգեւատրումը պարզապէս շքանշանի շնորհում մը չէ, այլ երախտագիտութեան եւ յարգանքի արտայայտութիւն` այն բոլոր նուիրեալներուն հանդէպ, որոնք իրենց երկարամեայ ծառայութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ ազգային պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ իրենց բաժինը բերած են հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման ու փոխանցման գործին:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր պարգեւատրեալներուն` մաղթելով անոնց քաջառողջութիւն, խաղաղ ու բարօր կեանք եւ շարունակական ներշնչում` հայ դպրութեան ու ազգային արժէքներու յաւերժացման ճանապարհին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 27 նոյեմբեր 2026


