Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի տնտեսական զարգացման: Տնտեսական ներդրումներու ծրագիրով արդէն 600 միլիոն եւրոյէն աւելի ներդրուած է իրականացնելու համար ենթակառուցային ծրագիրներ, որոնք բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կը ծրագրուէին, սակայն հիմա կը կարծեմ` արդէն իրականութիւն կը դառնան:
Այս մասին երէկ «Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արեւելեան Գործընկերութիւն-Եւրոպական Միութիւն. գործընկերութեան մարտահրաւէրներ եւ կարելիութիւններ» նիւթով քննարկման ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս:
«Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ արդէն շատ շօշափելի արդիւնքներ կու տայ` աջակցելով մարդկային անվտանգութեան: Ասիկա նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան հարցին մէջ որքան հեռուն պատրաստ է երթալ», ըսած է ան:
«Նախապէս խօսուեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան յաջողութիւններուն մասին: Արեւելեան գործակալութիւնը այս շրջանակի մաս է, սակայն կան որոշ առանձնայատկութիւններ Հայաստան-Թուրքիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ, Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն մէջ: Կան նաեւ այս երկիրներու եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններ, որոնք կրնան դրական դերակատարութիւն ունենալ: Եւրոպական Միութիւնը միշտ կ՛օգտագործէ իր գործիքակազմը, թերեւս ոչ միշտ շատ արդիւնաւէտօրէն, որովհետեւ ատիկա նաեւ այլ գործընկերներէ կախեալ է: Սակայն մենք կը փորձենք առաւելագոյնս արդիւնք ստանալ մեր գործիքակազմէն, որպէսզի խթանենք խաղաղութիւնը, բարեկեցութիւնը, կապակցուածութիւնը եւ օրէնքի վրայ հիմնուած միջազգային կարգը: Ինծի համար այս տարրերը միեւնոյն հոլովոյթին մաս կը կազմեն» աւելցուցած է Վասիլիս Մարակոս:
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանին համաձայն, պէտք է արդիւնքներ տալ արդէն ունեցած համագործակցութիւններու մասով. ատիկա կարեւորագոյն տարր է յառաջ շարժելու համար: Ան կը նշէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները շատ կ՛աջակցին ներկայ օրակարգին եւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն: