Պաքու արդէն երկու անգամ Երեւանին Նախիջեւանի հետ կապի համար առաջարկած է «քալինինկրատեան բնորդ»-ը: Վերջին անգամ նման առաջարկ եղած է Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած դիւանագիտական համախմբումի ժամանակ:
Հայկական կողմը, սակայն, չի մեկնաբաներ Ազրպէյճան-Նախիջեւան կապին համար Պաքուի առաջարկած «քալինինկրատեան բնորդ»-ը:
«Շրջանի տնտեսական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման վերաբերեալ Հայաստանի Հ/անրապետութեան կառավարութեան դիրքորոշումը արտացոլուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին մէջ, որ պէտք է կեանքի կոչուի ատոր մէջ ներառուած 4 սկզբունքներուն միջոցով», «Արմենիա Սփութնիք»-ի հարցումին ի պատասխան նշած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:


