Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կիրակի օր Զաարուր շրջանին մէջ կազմակերպած էր «Էլիթ» եւ «Մասթըրզ» հեծելարշաւի մրցումները, որոնց մասնակցեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:
«Էլիթ» դասակարգին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիկ Ապտել Ազիզ Մանեհ գրաւեց երրորդ դիրքը, իսկ «Մասթըրզ» դասակարգի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութէն այլ մարզիկ մը` Ժորժ Ուատիհ, գրաւեց երրորդ դիրքը: