Հրապարակուած է «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի, «Ինթըրնեշընըլ Փարթնըրշիփ ֆոր Հիումըն Ռայցի, Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնադրամի, Հելսինքեան քաղաքացիական համախմբումի Վանաձորի գրասենեակի, Իրաւունքի զարգացման եւ պաշտպանութեան հիմնադրամի, «իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» եւ Թրութա Հաունտզ կազմակերպութիւններուն կողմէ պատրաստուած միացեալ «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան» զեկուցումի ամփոփագիրը:
Զեկուցումը կը փաստէ, թէ Արցախի բնակչութիւնը ինչպէ՛ս Ազրպէյճանի կողմէ միտումնաւոր ենթարկուած է պարբերական յարձակումներու, շրջափակման եւ ահաբեկման, որոնց պատճառով Արցախի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքները կոպտօրէն խախտուած են` զրկելով վերջինս տարրական կենսապայմաններէն:
Փաստահաւաք առաքելութեան ընթացքին հաւաքագրուած խորքային վկայութիւններու եւ բաց աղբիւրներու մէջ գոյութիւն ունեցող տուեալներու հիման վրայ կատարուած վերլուծութիւնը կ՛արտօնէ ցոյց տալ եւ եզրակացնել, որ Ազրպէյճանը միտումնաւր եւ հաշուարկուած գործողութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ենթարկած է բռնի տեղահանման եւ ցեղային զտման:
Վկաներու հետ երեք հարիւր երեսունէ աւելի խորքային հարցազրոյցներու ընթացքին արձանագրուած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ մարդու իրաւունքներուն, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ միջազգաին քրէական իրաւունքի արժեչափերու կոպտագոյն խախտումներ:
Փաստահաւաք առաքելութիւնը պարզած է` կան բաւարար ապացոյցներ եզրակացնելու, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն գործողութիւնները կը հանդիսանան յանցագործութիւններ, համաձայն Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան, ներառեալ 7-րդ յօդուածի (մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ) եւ 8-րդ յօդուածի (պատերազմական յանցագործութիւններ), եւ կը համապատասխանեն բնակչութեան բռնի տեղահանման սահմանումին, ինչպէս նաեւ նախկին Եուկոսլաւիոյ տագնապին ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի փորձագէտներու կողմէ սահմանուած ցեղային զտումներու չափանիշներուն:
Զեկուցումի ամփոփագիրի շնորհահանդէս-քննարկումը տեղի ունեցած է 1 յուլիսին, «Ֆրիտըմ Հաուզ»-ի կողմէ համակազմակերպուող երրորդ տարեկան «Ժորովրդավարութեան հայկական համախմբում»-ի ծիրին մէջ:
Զեկուցումին ամբողջական տարբերակը պիտի հրապարակուի սեպտեմբեր 2024-ին: