Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեան Եւ Պորել Շրջանային Ու Միջազգային Անվտանգութեան Առնչուող Հարցերու Շուրջ Միտքեր Փոխանակած Են

July 1, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Տուպրովնիքի համախմբումի ծիրին մէջ:

Քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան օրակարգային հարցեր, յարաբերութիւններու էական խորացման միտուած քայլերն ու դրական հեռանկարները: Այս ծիրին մէջ ընդգծուած է գոյութիւն ունեցող գործիքակազմերու արդիւնաւէտ կիրարկման միջոցով Հայաստանի Հանրապետութեան դիմակայունութեան ամրապնդման, մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցերու շուրջ:

Ընդգծուած են ուժի կիրարկման միջոցով խնդիրներու լուծման գործելակերպի համընդհանուր բացասական հետեւանքները եւ միջազգային օրէնքի հիմնարար սկզբունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը:

Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան ապահովման ծիրին մէջ նախարար Միրզոյեան ընդգծած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ իրական կայունութեամբ շահագրգռուած գործընկերներու արժէքներու վրայ հիմնուած մօտեցումներու նշանակութիւնը:

Նախորդը

Լիպպի. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Շրջանին Մէջ Աննախադէպ Կայունութիւն Պիտի Ստեղծէ»

Յաջորդը

«Մեր Բոլորի Ցանկութիւնն Է, Որ Այս Դարպասները Երբեք Թշնամի Չտեսնեն» Սիւնիքի Մէջ Ընդգծեց Բագրատ Սրբազան

RelatedPosts

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Բաց Նամակը` Ալիեւի Հրաւէրով Բռնագրաւուած Արցախ Այցելած Կրոնոյին

September 19, 2026
Շոյկու. «Ռուսիան Երեւանի` Եւրոպական  Միութեան Հետ Համարկումը Պիտի Չֆինանսաւորէ»
Հայկական

Շոյկու. «Ռուսիան Երեւանի` Եւրոպական Միութեան Հետ Համարկումը Պիտի Չֆինանսաւորէ»

September 19, 2026
Հաճիեւ. «Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ Վրէժխնդրական  Ուժերը Կը Փորձեն Խաթարել Խաղաղութեան Հոլովոյթը»
Հայկական

Հաճիեւ. «Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ Վրէժխնդրական Ուժերը Կը Փորձեն Խաթարել Խաղաղութեան Հոլովոյթը»

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.