Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

July 1, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ`

1.- Հայաստանի իշխանութեան ապազգային ու ամօթալի գործընթացը:

«Տաւուշը յանուն հայրենիք» շարժումին հանդէպ սկզբնական լռութիւնը եւ ապա վերջին օրերուն հակաօրինական բոլոր քայլերը` բողոքող ժողովուրդին հանդէպ ընդհանրապէս եւ ՀՅ Դաշնակցութեան հանդէպ մասնաւորապէս:

2.- ՔՊ-ով գլխաւորուած Հայաստանի իշխանութեան բռնաճնշումներու նոր ալիքը:

ՀՅԴ-ի դէմ կատարուած վերջին շրջանի բռնաճնշումներու նոր ալիքին հիմնական նպատակն է անբարոյ եւ ոչ իրաւական մեթոտներով  կանխել ու բռնաճնշել ՀՅԴ-ի նման կազմակերպութիւնները, որոնք առաջնորդուած են ազգային ուղեգիծով եւ ունին սկզբունքային դիրքորոշումներ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի նկատմամբ եւ կը գերադասեն ազգն ու հայրենիքը ամէն բանէ:

3.- Հայաստանի Ոստիկանութեան յարձակումը ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին վրայ:

Ոստիկանութիւնը բիրտ ուժ կիրարկեց` յարձակելով եւ ապօրինի բերման ենթարկելով կուսակցութեան բազմաթիւ անդամներ, ինչպէս նաեւ` Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի նախագահ Աշոտ Սիմոնեանը:

4.- Ապատեղեկատուութիւնը` ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Գերասիմ Վարդանեանին հասցէին:

Կեղծ ձայնագրութիւններ եւ լուրեր տարածելով` հարուածելու համար Գերասիմ Վարդանեանի հիմնական արժէքները, զորս ժողովուրդը կը նկատէ անոր մէջ` բարոյական նկարագիր, ազգային արժէքներ եւ ժողովրդավարութիւն:

5.- ՀՅԴ-ի ընկերվարական սկզբունքներու դէմ յստակ ամբաստանութիւն:

ՀՅԴ ընկերվարական հիմնական սկզբունքն է պաշտպանել շահագործուած տարրը եւ ըմբոստանալ շահագործողին դէմ:   «Սրբազան պայքար» նորաստեղծ այս շարժումը ժողովուրդին մէջ համախմբեց «Մշակը, բանուորը եւ ռենչպեր ախպերը»: Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կարելի է ամբաստանել եւ յայտարարել, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը շահագործէ եւ կը կաշառէ Հայաստանի ժողովուրդը, մանաւանդ` արցախցի ժողովուրդը, մասնակցելու նման հաւաքներու եւ ցոյցերու:

6.- Նիկոլ Փաշինեանի կեցուածքը` մեր նահատակներուն եւ խաչի նկատմամբ:

Նիկոլ Փաշինեանի մտայնութեամբ, «Մեր նահատակները զոհուեցան, որ մեր երեխաներուն վիզը խաչ կապե՞նք, ո՛չ, պէտք է իրենց կեանքը վայելեն, որովհետեւ կեանքէն հաճոյք ստանալը ամօթ չէ»:

Առաջին անգամը չէ, որ Փաշինեան կը հարուածէ հայ եկեղեցին եւ յստակօրէն կը յայտնէ խաչին ու Աստուծոյ նկատմամբ իր անհաւատութիւնը, անընդունելի է նաեւ անոր վերաբերումը հայ զինուորին նկատմամբ, որովհետեւ կը պղծէ մեր նահատակներուն թափած արիւնը, զոր շաղախուած է մեր սուրբ հողին:

7.- Նիկոլ Փաշինեանի կեցուածքը` Արցախի նկատմամբ.

«Պէտք էր 2018-ին ըսէի, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է միացուի Ազրպէյճանի»:

Փաշինեան իր այս համոզումով եւ խորհրդարանին մէջ ունեցած արտայայտութեամբ կը փաստէ, որ ինք անցնող վեց տարիներուն գործած է անէացնելու Արցախի գաղափարը, անէացնելու բոլոր մեր ազգային արժէքները` դիտումնաւոր կերպով պարտութեան տանելու 2020 թուականի արցախեան պատերազմը եւ իրերայաջորդ դէպքերը:

Յստակ է, որ ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն ՀՅ Դաշնակցութեան երթը կասեցնել, սակայն 134 տարեկան այս կուսակցութիւնը իր պատմութեան տարբեր փուլերուն ենթարկուած է բազմաթիւ ամբաստանութիւններու, տեսած է զրկանքի ու տառապանքի բոլոր ձեւերը, դիմագրաւուած է դաւաճաններ ու թշնամիներ, սակայն երբեք չէ ընկրկած, այլ յաղթահարած է բոլոր դժուարութիւնները եւ շարունակած` իր անխափան երթը:

Վստահ ենք` այս ալ կը յաղթահարենք:

ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ  

 

 

Նախորդը

Դաշնակցական Երիտասարդը Մեր Վաղը Չէ, Մեր Ապագայ Ղեկավարը Չէ, Ան Ներկան Է, Ու Մղիչ Ուժն Է Մեր Սուրբ Գործի Յաջողութեան

Յաջորդը

Քոփա Ամերիքա. Արժանթին Եւ Քանատա Հասան Քառորդ Աւարտական

RelatedPosts

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Իրան` Կործանման Եզրի՞ն

January 20, 2026
Ա՛յս Է Միակ Լուծումը
Անդրադարձ

Ա՛յս Է Միակ Լուծումը

January 20, 2026
Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ
Անդրադարձ

Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.