Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Երիտասարդը Մեր Վաղը Չէ, Մեր Ապագայ Ղեկավարը Չէ, Ան Ներկան Է, Ու Մղիչ Ուժն Է Մեր Սուրբ Գործի Յաջողութեան

Յուլիս 1, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ

Երբ խօսինք հայ ազատագրական պայքարի շարժումին մասին, կամ ընդհանրապէս հայոց պատմութեան անկիւնադարձային էջերուն` կեդրոնանալով անոնց ունեցած հրաշալի արդիւնքին, բնականաբար կը յիշենք, թէ ի՛նչ, ինչպէ՛ս, ո՛վ, կամ որո՛նք էին այդ հրաշալի գործերը իրագործողները, բայց այդ բոլորին մէջ կը մոռնանք, թէ ուսանողն ու երիտասարդ խաւն էր, որ յղացաւ ու իրագործեց այդ բոլորը:

Անցնող շրջանին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ԼԵՄ-ի եւ ԼՊՄ-ի Մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրը` գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին: Սոյն ծրագիրը կը բաղկանար վեց դասախօսութիւններէ եւ գիտաշխատանոցներէ` պատրաստուած մասնագէտ դասախօսներու կողմէ, որոնք ըլլալով օտար` դժուար թէ իրենց օրինակներ համապատասխանեցնէին հայութեան հետ, սակայն իւրաքանչիւր դասախօսութեան ընթացքին առիթը ունեցայ խորհելու եւ կամուրջ մը ստեղծելու մեր դաշնակցական կեանքին հետ:

Առաջին դասախօսութիւնը` «Ղեկավարման հմտութիւններ»:

Դաշնակցական ղեկավարը. առաջին հերթին` ան կը միացնէ իր շուրջինները Դաշնակցութեան նպատակներուն շուրջ` անոնց մէջ ստեղծելով վստահութիւն, յոյս եւ կարգապահութիւն: Երկրորդ` կեդրոնանալով այդ նպատակի վեհութեան վրայ, ան պէտք չէ մոռնայ իր շուրջինները, ի վերջոյ Դաշնակցութեան ծրագիրն ու նպատակները մեր հաւաքական նպատակներն են, եւ դաշնակցական ղեկավարը պէտք է աշխատի հաւաքաբար այդ նպատակին հասնելու առաջադրանքով:  Երրորդ` յաջող դաշնակցական ղեկավարը մնայուն ինքնազարգացումի մէջ է, հաւաքականութեան կազմաւորման աշխատանքին զուգահեռ, ան պէտք է աշխատի «ես»-ը զարգացնելու` յառաջ տանելով այդ հաւաքականութիւնը:

Երկրորդ  եւ երրորդ դասախօսութիւններ` «Կազմաւորումը պատանեկան տարիքին»:

Ներկայ համաշխարհայնացման վտանգներուն դիմաց, դաշնակցականի կազմաւորումը անհրաժեշտ է սկսիլ պատանեկան տարիքէն: Հոս է, որ պատանին կը ծանօթանայ Դաշնակցութեան, կը սկսի իր անձը կազմաւորել եւ ժամանակի ընթացքին կ՛ունենայ պատկանելիութիւնը հայկական եւ յատկապէս դաշնակցականի ինքնութեան նկատմամբ: Սակայն այս շրջանին պատանին կ՛անցնի տարբեր փուլերէ, ուր կ՛ունենայ դժուարութիւններ. հետեւաբար պէտք է աշխատինք կերտել տիպար պատանի մը` միաժամանակ աշխատելով պատրաստել օրինակելի դաշնակցական պատանի մը:

Չորրորդ դասախօսութիւն` «Հաղորդակցութեան միջոցներ»:

Հաղորդակցութեան միջոցները կարեւոր հմտութիւններ են, եւ պէտք է դաշնակցական երիտասարդը աշխատի զարգացնելու համար: Ի վերջոյ, դաշնակցականը կամաւոր մըն է, որ կը հաւատայ նպատակի մը եւ Դաշնակցութեան ճամբով կ՛աշխատի այդ նպատակի իրագործման: Հետեւաբար ան երկխօսութեամբ, դիմացինը լսելով, վստահելով, հաղորդակցելով է, որ պիտի աշխատի յանուն այդ նպատակի իրագործման:

Հինգերորդ դասախօսութիւն` «Ծրագրաւորում, իրագործում եւ արժեւորում»:

Նախքան ծրագիր մը մշակելը` պէտք է իւրաքանչիւրս անհատապէս մտածենք, գիտնանք մեր անձնական տեսակէտը, ապա հաւաքական ժողովի մը ընթացքին փոխանակենք մեր մտածումները եւ մշակենք այդ ծրագիրը: Ապա ճշդելով մեր ժամկէտները` անցնինք այդ ծրագիրի իրագործման: Սակայն իւրաքանչիւր փուլի պէտք է արժեւորենք, գիտնանք մեր սխալները, եւ եթէ հարկ ըլլայ, փոխենք ծրագիրի իրագործման ձեւերը, եւ ոչ թէ` նպատակը:

Իբրեւ դաշնակցականներ` ունինք մեր հեռաւոր ծրագիրները, սակայն պէտք է գիտնանք մշակել ժամանակակից մօտակայ ծրագիրներ, որոնց յաջողութեամբ կրնանք քայլ առ քայլ հասնիլ այդ վեհ ծրագիրին:

Վերջին եւ վեցերորդ դասախօսութիւն` «Արհեստագիտական նորանոր մեթոտներու օգտագործում»:

Հոս դասախօսը ներկաներուն բացատրեց արհեստագիտական նոր մեթոտներ, զորս ղեկավար մը պէտք է օգտագործէ քայլ պահելու համար արդի աշխարհին հետ:

Իբրեւ դաշնակցական` մենք ալ պէտք է քայլ պահենք աշխարհին հետ եւ ըմբռնենք արհեստական բանականութիւնը եւ «Cyber War»-ի հասկացողութիւնը:  Այսօր պատերազմներ կը մղուին վերջին փուլին: Բայց նախքան այդ փուլը հասնիլը` թշնամին մեր դէմ տարիներէ ի վեր կը պայքարի արհեստագիտական նորանոր մեթոտներով եւ անուղղակիօրէն պատերազմ կը մղէ հայութեան դէմ: Այո՛, անցեալին ալ թշնամիին թիւը եղած է մեր կրկնապատիկը, սակայն հայը իր աննկուն կամքով յաղթեց թշնամիին: Այսօր այդ կամքը պէտք է միացնենք արհեստագիտական նորանոր մեթոտներու օգտագործումին: Առաջին հերթին պէտք է պաշտպանուինք այդ վտանգներէն, ապա սփիւռքի տարբեր շրջաններէն ստեղծենք արհեստագիտական նորանոր մեթոտներով զինուած առցանց «ջոկատներ», որոնք այդ պատերազմը պիտի մղեն տարբեր ճակատներու վրայ:

Մարդուժի պատրաստութեան աշխատանքը դիւրին աշխատանք մը չէ: Անիկա մեզմէ կը պահանջէ երկարաշունչ գործընթաց, կազմակերպուածութիւն  եւ հետեւողականութիւն: Ասիկա աշխատանք մըն է, որուն իսկական արդիւնքը պիտի տեսնենք տարիներ ետք:

Այսօր դաշնակցական երիտասարդն ու ուսանողը կը գտնուին դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ, անհաշտ` ներկայ իրականութիւններուն նկատմամբ:

Այսօր ան իր եռանդով ու պատրաստակամութեամբ կու գայ նեղցնելու անտարբերութեան ու յուսահատութեան ճեղքը, որ կայ մեր շրջապատին մէջ: Ան կու գայ ըսելու, որ պէտք չէ ըլլանք յուսահատող ու կասկածամիտ` մեր տարած աշխատանքներուն նկատմամբ: Այնքան ատեն որ դաշնակցականը կը մնայ կառչած իր անցեալին ու պատմութեան, ոչ մէկ արտաքին ու ներքին ուժ կրնայ անոր մէջ ոչնչացնել հայրենիքի գաղափարը:

Դաշնակցական երիտասարդը մեր վաղը չէ, մեր ապագայ ղեկավարը չէ, ան ներկան է ու մղիչ ուժն է մեր սուրբ գործի յաջողութեան:  Ինչպէս Աշոտ Ղուլեան կ՛ըսէ. «Ամէն հայ պէտք է զգայ, որ առանց իրեն` հայրենիքը փուլ կու գայ»: Հետեւաբար առանց իւրաքանչիւր դաշնակցական երիտասարդի ներդրումին` այդ հայրենիքի գաղափարը կը ձեւափոխուի սովորական խօսքի մը, ապա` լոկ երազի մը…

 

 

 

Նախորդը

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?