Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղեկատուական

July 1, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Հինգշաբթի, 25 ապրիլ 2024-ին խումբ մը զաւարեանականներ մասնակցեցան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Սար էլ ուաքթ» յայտագիրին, որուն ընթացքին երկու ընկերներ խօսք առին ու  անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին, ինչպէս նաեւ յատուկ լուսարձակի տակ առին Արցախի վերջին իրադարձութիւններն ու ժողովուրդին բռնի տեղահանումը` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը աննահանջ է, կը մնայ պահանջատէր եւ պայքարը կը շարունակէ մինչեւ արդար հատուցում:

– Շաբաթ, 4 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ նստացոյց` «Ո՛չ յանձնուողական քաղաքականութեան» խորագիրով, ասոր զուգահեռ` ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին հետ` յանձնելու համար նամակ մը, որուն մէջ կը շեշտուի երիտասարդութեան կտրուկ մերժումը Հայաստանի իշխանութիւններուն յանձնուողական քաղաքականութեան ու հողերու միակողմանի զիջումներուն:

– Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երկուշաբթի, 6 մայիս 2024-ին տեղի ունեցաւ մայիս 6-ի Նահատակաց տօնի ոգեկոչում` Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին մէջ, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, կոմիտէներու եւ լիբանանեան կուսակցութիւններու երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու:

– Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ԶՈՄ-ի եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, հինգշաբթի, 9 մայիս 2024-ին տեղի ունեցաւ «Յանուն հայրենիքի» ինքնաշարժներով զօրակցական երթ` լիբանանահայ պատանիներուն, երիտասարդներուն ու ուսանողներուն նեցուկը արտայայտելով Տաւուշի յանձնումին դէմ կատարուող շարժումին, որ Երեւան հասաւ նոյն թուականին:

– Կազմակերպութեամբ ԶՈՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 17 մայիս 2024-ին  «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «ԶՈՄ ԹՈՔՍ» յայտագիր մը, որուն  զեկուցաբերն էր հոգեբան Գոհար Պալէքճեան, իսկ նիւթը` «Ինչպէ՞ս հակազդել գերճնշուածութեան»:

– Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, շաբաթ, 25 մայիս 2024-ին «Հիլթըն Հապթուր» պանդոկի «Էմիրեց» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 120-ամեակի ճաշկերոյթ: Այս առիթով հրաւիրուած էին երգիչներ  Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեանները` ընկերակցութեամբ իրենց նուագախումբին, որոնք ճոխացուցին երեկոն:

– Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ին եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին, երեքշաբթի, 28 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ծաղկաձորի «Մայիս 28» պողոտայի Հայաստանի անկախութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ մայիսեան ձեռնարկ. օրուան բանախօսն էր Սրբուկ Ճենանեան, ԶՈՄ-ի անունով արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Էլէյճեան: Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Աղբալեան» պատանեկան միութեան անդամները, եւ աւարտին  Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեանները հայրենասիրական երգերով ճոխացուցին մայիսեան յաղթանակի ձեռնարկը:

– Շաբաթ, 15 յունիս 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ, գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի մարդուժի պատրաստութեան երեք շաբաթներու վրայ երկարող ծրագիրի եզրափակիչ հանդիպումն ու  31 մասնակիցներու հաստատագիրներու տուչութիւնը:

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Գեղարուեստական Արձագանգները

Յաջորդը

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.