ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Տրուած ըլլալով, որ սփիւռքահայ կերպարուեստագէտները գրեթէ չեն անդրադարձած Հայաստանի անկախութեան թեմային, փոխարէնը` լայնօրէն արձագանգած են Ցեղասպանութեան թեմային եւ յաճախ շեշտը դրած` հոգեւոր հայրենիք կերտելու անհրաժեշտութեան վրայ: Եւ որովհետեւ «Անկախութեան գաղափարը» լուսանցքայնացուած է Հայոց ցեղասպանութեան մեծութեան եւ ուժգնութեան իբրեւ հետեւանք, ստորեւ կու տանք Մովսէս Ծիրանիի «Ցեղասպանութեան գեղարուեստական արձագանգները» յօդուածը` զայն քաղելով «Դրօշակ»-ի այս տարուան ապրիլի թիւէն:
Խօսքը կը վերաբերի սփիւռքահայ այն կերպարուեստագէտներուն, որոնք իրենց բարձրորակ արուեստի գեղարուեստական ուժով կրցած են մարդկութեան ներկայացնել Ցեղասպանութեան արհաւիրքն ու գործած աւերները` ըլլայ նիւթական թէ ոգեղէն արժէքներու պարագային: Ինչպէս` Այվազովսկի, Արշիլ Կորքի, Ռուբէն Նաքեան, Երուանդ Քոչար, Էտկար Շահին, Խորէն Տէր Յարութեան, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Յովսէփ Փուշման, Արշակ Փեթվաճեան, Հայկ Բադիկեան, Գառզու, Ժանսեմ, Փ. Կիրակոսեան, Կիւվտէր, Զաւէն Խտըշեան, Ժան Դարբինեան, Ժան Գազանճեան, Ժան Ասատրեան, Աշոտ Զօրեան, Կիւվտէր, Գեղամ Թազեան, Արթօ Չաքմաճեան, Եուրոզ… Պերճ Չաքէճեան, Գրիգոր Նորիկեան եւ այլն: Շարքը դեռ կարելի է աւելի երկարել, որովհետեւ գուցէ չկայ հայ իրաւ արուեստագէտ մը, որուն վրայ հետք ձգած չըլլայ Ցեղասպանութիւնը:

Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ադոյեան) ստեղծագործական կեանքը լաւագոյնս կրնայ դրսեւորել յետցեղասպանութեան սերունդի ոգեղէն հայրենիք «որոնելու» տագնապներն ու անոնց անդրադարձը` ազգային ու մարդկային խնդիրներու շուրջ: Ան ծնած է Վանայ լիճի մօտ` Խորգոմ գիւղը, 1904-ին: 1915-ին Ոստանիկ կը մասնակցի Վանի ապրիլեան ինքնապաշտպանական կռիւներուն` իբրեւ մարտիկներու օգնական, եւ ըստ ոմանց վկայութեան, նաեւ` իբրեւ դիպուկահար: Այգեստանի անկումէն ետք, ընտանիքով արտագաղթի ընթացքին Իգդիրի մօտերը կը հանդիպին խումբ մը ֆետայիներու, որոնք զիրենք ապահով կը հասցնեն Էջմիածին: Քանի մը շաբաթ հոն մնալէ ետք կ՛երթան ու կը տեղաւորուին Երեւանի թշուառագոյն թաղամասը` Կոնդ, ուր մայրը կը մահանայ «Պատիհան»-ին վրայ` անօթութեան իբրեւ հետեւանք: 1919-ին կ՛անցնի Թիֆլիս, ապա` Պաթում, Պոլիս, եւ Յունաստանի վրայով 1920-ին կը հասնի Միացեալ Նահանգներ: Նախ կը բնակի Պոսթըն, քրոջը` Սաթենիկի մօտ, ապա կ՛անցնի Նիւ Եորք, ուր լուրջ դժուարութիւններու կը հանդիպի: Իր արուեստի հասունացման ու ծաղկման շրջանին վերջ կու տայ իր կեանքին` ինքնասպանութեամբ:
Ցոյց տալու համար Արշիլ Կորքիի տեղն ու դերը արուեստի պատմութեան մէջ, մէջբերենք Անտրէ Պրեթոնի վկայութիւնը.
«Կորքին Միացեալ Նահանգներու արուեստի պատմութեան մէջ երբեւիցէ եղած գեղանկարիչներուն ամենամեծն է եւ իւրայատուկը»: Իր նամակներէն մէկուն մէջ Կորքի կը խոստովանի. «… Այս բոլորին համար ես պարտական եմ մեր հայ արուեստին»:
Կորքին նոր երեւոյթ էր, եւ այդ պատճառով ալ Ամերիկայի արուեստաբանները չկրցան տեղաւորել զինք որեւէ ԻԶՄ-ի մէջ: Պարպարա Ռոզ կը գրէ. «Դեռեւս չէ ճշդուած այն հարցը, թէ Արշիլ Կորքի վերջին գերիրապա՞շտն (Surrealism) է, թէ՞ առաջին վերացական-արտայայտչապաշտը (Abstract-Expressionism):
Ամերիկացի արուեստաբաններէն շատեր, ինչպէս` Ճոն Կրահամ, Հարրի Ռանտ, Ճիւլիյըն Լէյվի եւ տասնեակէ մը աւելի ուրիշներ, բարձր կը գնահատէին անոր արուեստը, սակայն չէին կրնար հասկնալ զինք, որովհետեւ ան կու գար իրենց համար անծանօթ տարբեր աշխարհէ մը եւ օժտուած էր տարբեր անհատականութեամբ ու գեղագիտական ուրոյն համոզումներով: Կորքի կ՛առարկէ.
«Անոնք մօրս աչքերը փիքասոյական կը համարեն, իսկ հայոց թախիծը` բիւզանդական կամ ռուսական. երբ կ՛ուղղեմ անոնց սխալները, անոնք կը պատասխանեն, թէ այդ ուղղումները փոքր ազգերու յատուկ չափազանցուած ազգայնամոլութիւն են: Այս մէկը կը կատղեցնէ զիս… Արուեստը ազգայնամոլութենէ վեր է եւ կը ներկայացնէ համընդհանուր մարդկային աչքը»:
Ուրիշ տեղ մը ան կը շեշտէ. «Իմ արուեստը մեր դժբախտ ժողովուրդի ինքնաարտայայտութիւնն է»:
Այո՛, սփիւռքահայ կայացած կերպարուեստագէտներէն շատերու արուեստը կը տարբերի միւսներէն եւ դժուար կը տեղաւորուի որեւէ ԻԶՄ-ի մէջ, որովհետեւ անոնք էութեամբ ոգեպաշտ (hylozoist) են: Թէեւ ոգեպաշտութիւնը հին աշխարհի մէջ հայութեան մենաշնորհը չէ, սակայն ան խորապէս անթեղուած է հայ ազգային մշակոյթի հազարամեակներու խորքը ու հասած` մինչեւ մեր օրերը: Հակառակ անոր որ տիրող կարծիքը այն է, թէ Կորքին վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ (Abstract-Expressionism) դպրոցի հիմնադիրն է, բայց իրականութեան մէջ ան ընդոծին ոգեպաշտ (hylozoist) մըն էր: Կորքիի համար ապրող բոյսերէն, քարերէն ու ոսկորներէն աւելի կենսական նշանակութիւն ունէր «Ապրող երազներ»-ու բնորոշումը, որոնք յիշողութեան ճամբով կը բացուէին իր արուեստին վրայ` իբրեւ տեսիլք, իբրեւ անցեալի երփներանգ վերապրում: Կորքի կ՛ըսէ. «Մենք կորսնցուցինք մեր գեղեցիկ Հայաստանը, եւ ես պէտք է վերականգնեմ զայն իմ ստեղծագործութիւններուս մէջ»: Ահաւասիկ թէ ուրկէ՛ կը բխի ոգեղէն հայրենիք կերտելու անխուսափելի ցանկութիւնը…
Կորքիի ակնարկութիւնը առաւելաբար Արեւմտահայաստանին կ՛երթար, որովհետեւ ան ոչ միայն կ՛ընդունէր Խորհրդային Հայաստանը, այլ նաեւ բուռն կերպով կը ցանկար այցելել հոն: Այո՛, սփիւռքահայ արուեստագէտին համար մխիթարանք (ոմանց համար` նոյնիսկ հպարտանք) էր Խորհրդային Հայաստանի իրողութիւնը, թէեւ շատեր կը նախընտրէին ազատ, անկախ Հայաստան մը:
Կորքին ամենայն համոզուածութեամբ կը պնդէր. «Մենք կարճ ժամանակի ընթացքին հարկադրաբար շատ բան տեսանք ու ապրեցանք: Տեսանք թուրքերու ոճրագործութիւնները, կոտորածն ու Եղեռնը, մեր գաղթը, մեր երկրի կործանումը: Ես կը յիշեմ այս բոլորը: Մենք` ողջ մնացածներս, չենք կրնար այս բոլորին չհակադարձել հնարաւորին չափ մեծ ուժգնութեամբ»:
Այսպիսով, Կորքի ոչ միայն ինքզինք, այլ նաեւ յետցեղասպանութեան ողջ սերունդը յանձնառութեան տակ կը դնէր` հակադարձելու հնարաւորին չափ մեծ ուժգնութեամբ: Սակայն խօսքը «Ակն ընդ ական» վրէժխնդրութեան մասին չէ, այլ` գեղարուեստական հզօրութեան, ինքնահաստատման եւ յատկապէս ինքնատիպ ու բարձրորակ մշակոյթի մը պաշտպանութեան եւ նորի ստեղծման: Այդ ժամանակաշրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող կարծիքը այն էր, թէ հայերը անմշակոյթ, թշուառ ու թափառաշրջիկ ցեղի մը մնացուկներն են, եւ այդ պատճառով ալ զանոնք կ՛անուանէին «Սոված հայեր» (Starving Armenians): Այս նուաստացուցիչ արտայայտութենէն բացի` կար աւելի սարսափելի եւ ուղղակի թշնամական վերաբերումը: Օրինակի համար, տիտղոսաւոր ազգագրագէտ մը (կը վարանիմ անոր անունը հոս յիշելու) սնամէջ ամբարտաւանութեամբ կը յայտարարէր. «Հայերն ու յոյները շուներ են ու խոզեր: Սեփական ոչ մէկ բան ունենալով հանդերձ, ո՛չ հայրենիք, ո՛չ տուն, ո՛չ կալուած, կը փորձեն չենթարկուիլ թուրքերուն»: Երբ նմանօրինակ կարծիքներ ու կեցուածքներ կային հայութեան հանդէպ աշխարհի տարածքին (սկսեալ ամերիկեան ու եւրոպական երկիրներէն մինչեւ Ռուսիա ու նոյնի՛սկ Լիբանան), հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ սփիւռքահայ արուեստագէտի ազգային արժանապատուութեան վիրաւորանքը պիտի ըլլար այնքան մեծ եւ խոր, որ իբրեւ բաց վէրք` իր անդրադարձը պիտի գտնէր (թէկուզ` ենթագիտակցաբար) իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Չարամիտներու կողքին թէեւ կային շատ աւելի մեծ թիւով գթասիրտ ու խղճամիտ անձնաւորութիւններ, որոնք նոյնի՛սկ օգնութեան ձեռք կ՛երկարէին հայութեան, սակայն շատերու համար այս մէկը եւս տեղ մը տհաճ էր եւ վիրաւորական, որովհետեւ սեփական ազգային ուժ ստեղծելու եւ անոր յենելու գաղափարը թէեւ կար, սակայն զայն իրագործելու կամ ծրագրաւորելու գործնականացումը չկար… Ի դժբախտութիւն մեզ բոլորիս` այսօր ալ ցանկութիւնը կայ, սակայն զայն իրագործելու ազգային միասնական կամքն ու զայն իրականացնելու միջոցները կը պակսին մեզի:
Կորքի եւ իր ժամանակակիցները քրիստոնէաբար պատասխանեցին այդ հակամարդկային կեցուածքներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ անոնց արուեստի մէջ չկայ վրէժխնդրութիւն եւ կամ վայրագութեան հրահրում:
Ի հարկէ այսօր ժամանակները փոխուած են արդէն, եւ դժուար թէ նման յոռի կեցուածքներ եւ կամ արտայայտութիւններ տեղի ունենան հայութեան հանդէպ… ի բաց առեալ, անշուշտ, մեր «երդուեալ թշնամիներէն»:
«Յիշողութիւնը արուեստագէտին սերմն է», կ՛ըսէ Արշիլ Կորքի:
Յիշողութիւնը իսկապէս սերմի դեր կատարեց սփիւռքահայ բազմաթիւ կերպարուեստագէտներու ստեղծագործական կեանքին մէջ: Անոնցմէ շատեր յղացած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողներ, որոնց մէկ մասը, սակայն, դուրս գալով Ցեղասպանութեան պարունակէն` կ՛արտայայտէ ազատութեան, վերածնունդի եւ կամ ըմբոստութեան ու զայրոյթի գաղափարները: Օրինակի համար, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ բակի տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան առիթով դրուած են Ռուբէն Նաքեանի եւ Խորէն Տէր Յարութեանի ստեղծագործութիւնները: Առաջինը կը ներկայացնէ Վերածնունդը, իսկ երկրորդը` Զայրոյթը: Ռուբէն Նաքեան խաչի փշրուած բեկորները հաւաքելէ ետք շարած է զանոնք բրգաձեւ` իբրեւ տառապանքի մէջ ջրդեղուած ժողովուրդի մը միասնականութեան ու վերածնունդի խորհրդանշան: Իր հասցէին բարձր գնահատանքներ արձանագրած են բազմաթիւ հեղինակաւոր արուեստաբաններ, որոնցմէ մէկը` Թոմաս Պ. Հես, 1962-ին կը գրէր. «Նաքեան ամերիկեան արդի երէց արուեստագէտներուն մէջ եզակի է… ողբերգականութեամբ»: Անոր արուեստի «ողբերգականութիւնը» ուժգնօրէն դրսեւորուած է շարք մը ստեղծագործութիւններու մէջ: Ինչպէս` «Աստուածներու պարտէզը», որուն յագեցուած ողբերգականութիւնը կը տարածուի առհասարակ համամարդկային հարթակներու վրայ: Եւ ի զուր չէ, որ կը համարուի ամերիկեան «Շարժուն քանդակագործութեան» (Action sculpture) հիմնադիրը: Անոր քանդակներէն շատեր զետեղուած են ամերիկեան կարեւոր հրապարակներու վրայ եւ թանգարաններու մէջ` Ալ. Քալտըրի եւ կամ Հենրի Մուրի նման մեծերու շարքին:
Իսկ Խորէն Տէր Յարութեանի յղացքը կը պատկերէ «Ցեղասպանը», ուր պատկերուած է գիշատիչ անգղ մը, որ լափելէ ետք մարդկային մարմին մը, կը պատրաստուի յօշոտելու երկրորդը: Անգղը սարսռազդեցիկ ու ահարկու տեսք ունի, ան կը դրսեւորէ կեանքը ոչնչացնելու գազանային մոլուցքը` արտայայտչական ապշեցուցիչ լարուածութեամբ: Այս բացառիկ յղացքով Խորէն Տէր Յարութեան կ՛արտայայտէ իր ողջ զայրոյթը ընդդէմ Ցեղասպանութեան ու անուղղակիօրէն ըմբոստութեան կը մղէ ակնդիրը: Ան ծնած է 1909-ին, Աղստաֆա (Արեւմտահայաստան): Հայոց ցեղասպանութեան դառնութիւնը ցմրուր ըմպելէ ետք, 1921-ին կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ, ուր կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ ցմահ` արժանանալով համաամերիկեան ճանաչման եւ գնահատման: Վաւերականօրէն յանձնառու այս արուեստագէտը իր բարեկամներէն մէկուն ուղղուած նամակի մը մէջ կը գրէ. «1926-էն մինչեւ կեանքիս վերջը ես ալ կռուած եմ եւ պիտի կռուիմ իմ մուրճով ու վրձինով տգէտ ու բարբարոս թուրքին դէմ»: Ան իրագործած է ազգային հայրենասիրական բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս` «Ռմբաձիգը», իսկ յուշարձաններէն «Վերածնունդ»-ը` դրուած Երեւանի «Յաղթանակ»-ի այգիին կեդրոնը: Իսկ «Մուսալեռնցին» զետեղուած Թել Աւիւի պետական համալսարանին բակը, որուն տարբերակներէն մէկը կը գտնուի Խորէն Տէր Յարութեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած Էջմիածնի թանգարանը, իսկ ուրիշ մը` Հայաստանի «Մուսա Լերան» յուշակոթողի ներքնամասին մէջ: Սակայն, այս առումով, իր ամենայատկանշական գործը «Փոքր Մհեր»-ն է, որ կը զարդարէ Ֆիլատելֆիոյ պետական պատկերասրահի եւ Օկիւստ Ռոտենի թանգարանի միջեւ ինկած «Ֆերմունթ» զբօսայգին: Այս խմբաքանդակի կեդրոնական կերպարը Փոքր Մհերը սուրը գլխիվար խաչի վերածած յաղթականօրէն կանգնած է քառակուսի պատուանդանի մը վրայ, որուն չորս կողմերուն իրագործուած են հետեւեալ բարձրաքանդակները. «Աւարայրի ճակատամարտը», «Հայ մշակոյթի պաշտպանը», «Վերջին վերապրող»-ն ու «Հայ ազգի ապագան»: Բացի յիշեալ յուշարձաններէն` ան ազգային հայրենասիրական բովանդակութեամբ բազմաթիւ գործեր ունի, ինչպէս` «Եփրատի փրփուրները», «Յաղթանակ», «Ցեղասպանութիւն»-ներու շարքը, «Ֆետային», «Հերոսական Կիլիկիան», «Վերածնունդ» եւ այլն:
Յետցեղասպանութեան սերունդէն ուրիշներ եւս կտակած են մեզի ազգային եւ համամարդկային բովանդակութեամբ թաթաւուն մնայուն արժէքներ, ինչպէս` Փանոս Թերլեմեզեան, Հայկ Բադիկեան, Ռաուլ Հէյկ, Հենրի Լայըն, Սարգիս Խաչատուրեան, Երուանդ Քոչար, Գրիգոր Շիլդեան, Ճորտանօ (Ժիրայր Օրագեան), Աշոտ Զօրեան, Ժան Դարբինեան, Ժան Ասատրեան եւ այլն:
Ի դէպ, հարկաւոր է յիշել, որ մեր ոխերիմ թշնամիները Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին ոչ միայն սպաննեցին, լլկեցին ու պղծեցին հայ մանուկները, այլեւ անոնցմէ շատեր առեւանգեցին ու թրքացուցին: Այդ մանուկներէն մաս մը կրցաւ ճողոպրիլ ու ապաստանիլ Պոլիս ու վերապրիլ: Ատոնցմէ են Աշոտ Զօրեանն ու Ժան Դարբինեանը: Առաջինը կը հասնի Գահիրէ, իսկ երկրորդը` Պէյրութ: Աշոտ Զօրեանը տարբեր առիթներով անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմային, իսկ Ժան Դարբինեանը (որ եղած է Կալենցի, Թէրճանի ու Ժան Ասատրեանի ընկերը, որոնք միասնաբար աշակերտած են Միշլէի) սկզբնական շրջանին ապրելով եւ ստեղծագործելով Քարանթինայի (Պէյրութ) հայ գաղթականներուն մէջ` բացառիկ յաջողութեամբ ու բծախնդրութեամբ պատկերած է անոնց կենցաղն ու առօրեան, որոնք գեղարուեստական իրենց արժէքին զուգահեռ, ունին նաեւ պատմական վաւերագրական նշանակութիւն:
Յաջորդ սերունդները թէեւ ականատեսներէ լսեցին Ցեղասպանութեան մասին, սակայն անմասն չմնացին անոնց հետեւանքներէն: Ինչպէս` Գառզուի «Արարատ» վիմատիպներու շարքը, Ժանսեմի «Եղեռն»-ի նուիրուած շարքը, Փոլ Կիրակոսեանի «Եղեռն» եւ «Վերածնունդ» շարքերը, Զաւէն Խտըշեանի «Ազատագրում» եւ «Վերականգնում» քանդակները, Եուրոզի «Եղեռն» ու «Վերածնունդ» կտաւներն ու անոնց տարբերակները, ինչպէս նաեւ Կիւվ, Կիւվտէր, Գեղամ Թազեան, Ժան Գազանճեան, Պերճ Չաքէճեան, Արթօ Չաքմաքճեան, Մ. Մազմանեան եւ շա՜տ շատեր անդրադարձած են այս թեմային… Ժանսեմ, Կիւվտէր, Գեղամ Թազեան, Խորէն Տէր Յարութեան, Փոլ Կիրակոսեան եւ այլն: Յատկապէս այս վերջինը, որ ամբողջութեամբ երկու ցուցահանդէս նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան թեմային եւ անոնց հասոյթը տրամադրեց բարեսիրական նպատակներու: Ունեցած ենք նաեւ արուեստագէտներ, որոնց ոճն ու ինքնատպութիւնը պայմանաւորուած են «Հայոց ցեղասպանութեամբ»: Ինչպէս. Արշիլ Կորքի, Կիւվտէր, Գեղամ Թազեան, Արթօ Չաքմաքճեան, Ժան Գազանճեան եւ յատկապէս Լեւոն Թիւթիւնճեանը, որ մէկ կողմէ կը համարուի գերիրապաշտ սերունդի ուրոյն ու ամենակարկառուն դէմքերէն մէկը, եւ միւս կողմէ` ֆրանսական արուեստի լաւագոյն կերպարուեստագէտներէն մէկը:
Եւ այսպէս, թէեւ Ցեղասպանութեան գաղափարը լայնօրէն եւ հանգամանօրէն արծարծած են սփիւռքահայ կերպարուեստագէտները, սակայն միաժամանակ անոնք դրսեւորուած են նաեւ մարդու էութեան ազատագրման, ոգեղէն հայրենիքի, վերածնունդի եւ այլ ազգային ու համամարդկային գաղափարներ: