Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Վարչապետի Աշխատակազմը Ազրպէյճանի Նախագահի Աշխատակազմին Առաջարկած Է Զինադադարի Խախտման Դէպքերու Հետաքննութեան Երկկողմանի Մեքանիզմ Ստեղծել

Յունիս 24, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին շրջանին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերաբար տեղեկատուութիւն կը տարածէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ստորաբաժանումներուն կողմէ տեղի կ՛ունենան զինադադարի դրութեան խախտումներ:

Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է բոլոր այդ մեղադրանքները, Ազրպէյճան կը շարունակէ այդօրինակ տեղեկատուութեան տարածումը:

«Ի շարունակութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի` սոյն թուականի 15 յունիսին կատարուած յայտարարութեան եւ մեկնելով անկէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կամքն է լարուածութեան յառաջացում չարտօնել` Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին դիւանագիտական խողովակներով առաջարկած է ստեղծել զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերու հետաքննութեան երկկողմանի մեքանիզմ:

«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը կ՛առաջարկէ սկսիլ նշեալ մեքանիզմի գործնականացման աշխատանքները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Քլաար Դրական Կը Գնահատէ

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար դրական գնահատած է սահմանին զինադադարի խախտումներու դէմ պայքարի մեքանիզմ ստեղծելու Հայաստանի առաջարկը:

«Լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ զինադադարի ենթադրեալ խախտումները վերացնելու համար երկկողմանի մեքանիզմ ստեղծելու Հայաստանի առաջարկը պէտք է ողջունուի:

«Եւրոպական Միութիւնը Վրաստանի մէջ իր առաքելութեան միջոցով 15 տարի օգնած է Վրաստանի մէջ նմանատիպ հանդիպումներ կազմակերպելու եւ պատրաստ է ներկայացնել իր փորձառութիւնը», գրած է Քլաար:

Նախորդը

Բագրատունի. «Չենք Կրնար Երկխօսութեան Հարցով Նշաձողը Բարձրացնել, Որովհետեւ Ատոր Գինը Քաղաքացին Կը Վճարէ»

Յաջորդը

Հայաստանի Կողմէ Պաղեստինի Պետութեան Ճանաչումը Ողջունող Յայտարարութիւններ

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?