Սպանիա եւ Անգլիա տարբեր ձեւի մրցումներ ունեցան իրենց խմբակներու երկրորդ ճակատումներուն յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ խմբակներուն մէջ:
Արդարեւ, Սպանիա, որ կը մրցէր ախոյեան Իտալիոյ դէմ, բաւական լաւ մրցում մը ունեցաւ, սակայն միայն 1 կոլ կրցաւ նշանակել յամառ Իտալիոյ դէմ: Իտալիա զարմանալի մրցում մը ունեցաւ եւ յաջորդական 2 կամ 3 ճշգրիտ փոխանցումներ չկրցաւ կատարել: Կարծէք Իտալիան ըլլար փողոցային խումբ մը, կազմուած` թաղային խումբերէ, որոնք մէկը միւսէն լուրջ չունին:
Սպանիա մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց, եւ եթէ Իտալիոյ բերդապահ Տոնարումա լաւ օրերու մէջ չըլլար, կրնար կրկնուիլ 2012-ի Եուրոյի արդիւնքին նման ծանր արդիւնք մը:
Սպանիոյ գրեթէ բոլոր մարզիկները լաւ էին, բացի Ալվարօ Մորաթայէն, որ առիթ կորսնցնելու մրցանակ կրնար ստանալ:
Երկու ծայրերէն Նիքօ Ուիլիամս եւ Լամին Եամալ (Եուրոյի ամէնէն կրտսեր մարզիկը, 16 տարեկան), շատ անգամներ կրցան խաղի բերել Իտալիոյ ծայրի պաշտպաններ Տիմարքոն եւ Տի Լորենցոն:
Դաշտի կեդրոնէն Ռոտրի, Փետրի եւ Ֆապիան Ռուիս իրենց կարելին ըրին գրեթէ անշարժացնելով Իտալիոյ կեդրոնը, միեւնոյն ժամանակ առիթներ ստեղծելով իրենց յառաջապահ եռեակին:
55-րդ վայրկեանին մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ, երբ Նիքօ Ուիլիամս եւ Քուքուրելա ձախ կողմէն ճեղքեցին, եւ կեդրոն կատարուեցաւ փոխանցում մը, որ ոչ մէկ խմբակիցի կը հասնէր, սակայն Ռիքարտօ Քալաֆիորի սխալմամբ գնդակը զետեղեց իր բերդին մէջ` նշանակելով Սպանիոյ եւ մրցումի միակ կոլը:
Իտալիոյ կը մնայ յաղթել իր վերջին մրցումին` Խրուաթիոյ դէմ (երկուշաբթի), Բ. հանգրուան անցնելու համար, մրցումի մը, ուր Խրուաթիա նոյնպէս յաղթել պիտի փորձէ` իր կարգին Սպանիոյ հետ անցնելու Բ. հանգրուան:
Պէտք է ըսել, որ Իտալիոյ մարզիչ Սփալեթթիի չար բախտէն խումբը կը խաղայ առանց Սանտրօ Թոնալիի (կախակայուած) Ֆրաչեսքօ Ասերպիի, Նիքոլօ Զանիոլոյի, Տոմենիքօ Պեռարտիի, Ճիորճիօ Սքալվինիի, Լուքա Քոլիոշոյի եւ Տեսթընի Ուրոճիի, որոնք վիրաւորուած են:
Անգլիա, որ իր առաջին մրցումին ոչ շատ համոզիչ մրցումէ մը ետք 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Սերպիոյ դէմ, իր երկրորդ մրցումին բնաւ չտպաւորեց եւ Դանիոյ հետ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Ֆրանքֆորթի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Անգլիա, որ առիթ ունէր այս մրցումի աւարտին հասնելու Բ. հանգրուան, զարմանալիօրէն տկար ելոյթ ունեցաւ Դանիոյ դէմ եւ 1-1 արդիւնքով աւարտեց մրցումը:
Մրցումը լաւ սկսելով Անգլիա բացաւ անոր հաշիւը 18-րդ վայրկեանին, երբ Քայլ Ուոքըրէն ստանալէ ետք փոխանցում մը, Հերի Քէյն դիւրութեամբ նշանակեց Անգլիոյ կոլը` դառնալով 3-րդ անգլիացի մարզիկը, որ 4 տարբեր մեծ մրցաշարքերուն (Մոնտիալ եւ Եուրօ) կոլ կը նշանակէ:
Քէյնի 64-րդ կոլը Անգլիոյ ազգային խումբին տարազով չօգնեց իր խմբակիցներուն, որ շարունակեն յարձակումները, եւ հաւանաբար մարզիչ Սաութկէյթի ցուցմունքներով աւելի պաշտպանողական սկսան խաղալ: 34-րդ վայրկեանին միջնապահ Մորթըն Հիուլմանի ռմբային հարուածով Դանիա կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը Անգլիոյ բերդի սիւնին օգնութեամբ:
Քիչ մը յուսախաբ աւարտելէ ետք առաջին կիսախաղը, Անգլիա քիչ մը աւելի «ախորժակով» յարձակեցաւ երկրորդ կիսախաղին սկիզբը, եւ Սաքայի առիթէն ետք այս անգամ Ֆիլ Ֆոտընի համար առիթ մը ստեղծուեցաւ, բայց անոր հարուածը զսպուեցաւ Դանիոյ բերդի ձողին կողմէ: Օլի Ուաթքինզ, որ դաշտ ներկայացած էր Բ. կիսախաղին, Պելինկհամի փոխանցումէն ետք չկրցաւ խաբել Դանիոյ բերդպահ Շմայշըլը:
Անգլիոյ բերդապահ Ճորտըն Փիքֆորտ վարպետութեամբ զսպեց Փիեռ-Էմիլ Հոյպըրկի հարուածը: Քանի մը վայրկեան ետք, Պելինկհամի սխալէն ետք նոյնինքն Հոյպըրկ ռմբային հարուած մը ուղարկեց դէպի Փեքֆորտի բերդը, բայց գնդակը քիչ մը շեղ էր:
Անգլիա ամէն ձեւով պաշտպանուեցաւ` առիթ տալով, որ Դանիա յաւելեալ յարձակումներ կազմակերպէ մինչեւ մրցումի աւարտի սուլիչը, որ բաւական գոհ ձգեց Անգլիան եւ իր համակիրները:
Անգլիա երեքշաբթի գիշեր իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Սլովենիոյ դէմ յաղթելու գնով` Բ. դիրքը չգրաւելու համար, որպէսզի իր դէմ չունենայ Ա. խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող Գերմանիան:
Այս խմբակի բոլոր հաւանականութիւնները բաց են: Այսինքն` Սերպիա, որ 1 կէտ ունի, եթէ Դանիոյ յաղթէ, կրնայ հասնիլ Բ. հանգրուան:
Այսօր ժամը 16:00-ին, Համպուրկի մէջ, Վրաստան պիտի մրցի Չեխիոյ դէմ: Երկու խումբերն ալ իրենց առաջին մրցումներուն պարտութիւններ կրեցին, այդ պատճառով ալ յաղթելու գնով դաշտ պիտի ներկայանան:
Ժամը 19:00-ին, Փորթուգալ պիտի մրցի Թուրքիոյ դէմ, Տորթմունտի դաշտին վրայ:
Այսպիսով հարուստ Փորթուգալ առիթ ունի այս մրցումէն իսկ իր յաջորդ հանգրուանի տոմսը ապահովելու, սակայն անցեալ մրցումէն աւելի կեդրոնացած պէտք է խաղան: Չեխիոյ դէմ շատ առիթներ փախցուցած Փորթուգալի խումբին մաս կը կազմեն մրցաշարքի ամէնէն երէց մարզիկները` Փեփէ (41 տարեկան) եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (39 տարեկան):
Ժամը 22:00-ին, Քէօլնի դաշտին վրայ Պելճիքա պիտի մրցի Ռումանիոյ դէմ:
Այս մրցաշարքի առաջին անակնկալ արդիւնքը ստեղծած Պելճիքա, որ 1-0 արդիւնքով պարտուած էր Սլովաքիոյ դէմ, այսօր անպայման պէտք է յաղթէ մրցակիցի մը, որ 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր Ուքրանիոյ վրայ:
Վաղը կը սկսին խմբակներու 3-րդ եւ վերջին մրցումները: Ա. խմբակի իր վերջին մրցումին, պարագլուխի դիրքը գրաւող հիւրընկալ երկիր Գերմանիա պիտի մրցի Զուիցերիոյ դէմ Ֆրանքֆորթի մէջ: Գերմանիա 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Սկովտիոյ, ապա ան յաղթած էր նաեւ Հունգարիոյ (2-0):
Զուցերիա իր առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակէ մը ետք Հունգարիոյ դէմ, ոչ շատ տպաւորիչ մրցում մը ունեցած էր Սկովտիոյ դէմ (1-1):
Նոյն ժամուն, Շթութկարթի դաշտին վրայ, Սկովտիա պիտի մրցի Հունգարիոյ դէմ, հաւանաբար 3-րդ դիրքի համար, որ կրնայ փոխադրել որեւէ խումբ` Բ. հանգրուան: