Մարտունակ եւ ժամանակակից ռազմամթերքով սպառազինուած բանակ ունենալը որեւէ երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է, երէկ յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` արձագանգելով սպառազինութեան ֆրանս-հայկական նոր գործարքին շուրջ Պաքուի քննադատութիւններուն:
Հայաստանն ու Ֆրանսան նախանցեալ օր յայտարարեցին, որ «Սեզար» հրետանային համակարգերու ձեռքբերման պայմանագիր ստորագրած են:
Պաքուն դատապարտեց այդ գործարքը, յայտարարելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ «պատերազմի նոր օճախ ստեղծելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Մաքրոնի բռնապետութիւնը»:
Ընդգծելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ իր բոլոր դրացիներուն տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անխախտելիութիւնը, ինչպէս նաեւ յիշեցնելով, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը բարձրագոյն մակարդակով պայմանաւորուած են, որ կը ճանչնան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը` 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ` պաշտօնական Երեւանը շեշտած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է այս սկզբունքին եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած իր 29 հազար 743 քառակուսի քիլոմեթր տարածքէն դուրս յաւակնութիւններ չունի:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս մօտեցումը գործնականին մէջ ապացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Ղազախի շրջանի չորս գիւղերու շրջանին մէջ սահմանազատում իրականացնելու նախաձեռնութեամբ: Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք վերջ դնելու Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի քան 30 գիւղերու կենսական նշանակութեան տարածքներու բռնագրաւումին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Երեւանը մտահոգութիւն յայտնած է ամէն առիթով շրջանային սրացումներ կանխատեսելու Ազրպէյճանի գործելակերպին շուրջ:
«Սա կու գայ հիմնաւորելու շարք մը կեդրոններու կողմէ կատարուող վերլուծութիւնները, թէ Ազրպէյճանը ամէն ինչ պիտի ընէ վիժեցնելու Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու գործընթացը, 2024 թուականի նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք ՔՈՓ29 վեհաժողովէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ նոր նախայարձակում ձեռնարկելու համար», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:


