Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիս` ՀՅԴ-ի Դէմ Սկիզբ Առած Բռնաճնշումներու Նիւթով

June 19, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

18 յունիսին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դէմ սկիզբ առած բռնաճնշումներու նիւթով, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը, փաստաբաններ Արսէն Բաբայեանն ու Վահէ Եփրիկեանը:

«Հերթական հակաօրինական ու անբարոյական արշաւը սկսուած է գործող իշխանութիւններուն կողմէ բոլոր կարելի եւ անկարելի լծակներով` ընդդէմ այն պայքարող մարդիկը եւ ուժերը, որոնք յստակ արտայայտած են իրենց դիրքորոշումը ի պաշտպանութիւն Հայաստանի, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքներու, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան», յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան:

Ան նշեց նաեւ, որ նիկոլական իշխանութիւնը մնայուն կերպով տարբեր ձեւերով կը յարձակի ՀՅԴ-ին վրայ, ընդ որում` տարբեր ժամանակաշրջաններու օգտագործելով տարբեր մեթոտներ, բայց ձեռագիրը նոյնն է` կեղծիքի, սուտի, քաղաքական հալածանքներու միջոցով, այսպէս կոչուած օրինականութեան շղարշի քողին տակ, փորձած է ներկայացնել մեղադրանքներ:

«Դուք տեղեակ էք, թէ ինչպէ՛ս նիկոլական իշխանութիւնը կ՛արգիլէ դաշնակցականներու եւ այլ գործիչներու մուտքը Հայաստան: Տեղեկացնեմ, որ անձամբ ինծի հետ ալ պատահած է: Այս մարդիկ չխորշելով կը համագործակցին նաեւ այլ երկիրներու կառոյցներուն հետ, որպէսզի ըստ կարելւոյն խոչընդոտուին դաշնակցականներու այցելութիւնները տարբեր երկիրներ, հայ համայնքներու հետ հանդիպման եւ Հայ դատի աշխատանքներու ներգրաւման շրջանակներուն մէջ:

«Բայց նաեւ Հայաստանի մէջ բոլոր կարելի մեթոտները կը կիրարկուին, որ արհեստական կեղծ քրէական գործեր յարուցեն, յարձակում կը  կազմակերպեն ՀՅԴ գրասենեակի նկատմամբ:

«Տեղեակ էք, որ իրականացուած են լայնածաւալ խուզարկութիւններ, ձերբակալութիւններ, այս պահու դրութեամբ նաեւ նիկոլական քննչական համակարգի եւ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող դատաւորներու կողմէ կայացուած է 5 կալանքի որոշում: Բոլոր որոշումները տեսակցութեան սահմանափակումով են: Այս պահուն ունինք 5 կալանաւորուած անձ, որոնցմէ 4-ը երկու ամիսով, մէկը` 1 ամիսով: Ունինք 3 տնային կալանք 2 ամիսով, ունինք 1 գրաւով եւ 1 բացակայելու արգելքով խափանման միջոց կիրարկուած անձեր: Այստեղ խօսքը միայն Վայոց Ձորի մասին է, խօսքը չի վերաբերիր շարժման շրջանակներուն մէջ ձերբակալուած, ապա կալանաւորուած կամ քրէական հետապնդման մէջ գտնուող մեր ընկերներուն», յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան:

Փաստաբան Արսէն Բաբայեան` անդրադառնալով ՀՅԴ-ի դէմ սկիզբ առած բռնաճնշումներուն, դիտել տուաւ, որ կատարուած են զանգուածային ձերբակալութիւններ` ամբողջութեամբ ապօրինի եղանակով:

«Ի սկզբանէ պարզ էր, որ ձերբակալութիւնները եւ հետագային կալանքի տանելու միջնորդութիւնները պայմանաւորուած եղած են յստակ անձերու յստակօրէն կուսակցական ըլլալու հանգամանքով, կուսակցութեան մէջ անոնց գրաւած դիրքով, կապերով:

«Կար ցուցակ, ուր գրուած էին անուններ, կողքը` թէ ի՛նչ կարգավիճակ ունի ՀՅԴ գրասենեակին մէջ, եւ ըստ ատոր ալ կ՛ընտրուէր ամենախիստ խափանման միջոցներ կիրարկելու հարցը», դիտել տուաւ Բաբայեան:

Փաստաբանը ըսաւ, թէ դատարաններուն մէջ ուզած են ամէն ձեւով ստանալ իրենց համար ցանկալի ցուցմունքներ:

«Ատիկա հետեւեալն էր, ոեւէ մէկը յայտարարէ, թէ իսկապէս գումար բաժնուած է: Ոստիկանութեան մարզային վարչութեան բարձր ղեկավարութեան կողմէ քանի մը անձի նկատմամբ յստակ փորձ կատարուած է, ոստիկանութեան բաժիններուն մէջ առաջարկած են տալ այդպիսի ցուցմունքներ եւ ըսած, թէ այդ պարագային անմիջապէս ազատ կ՛արձակուիք: Որուն որ այդպիսի առաջարկ կատարուած է, բոլորը հիմա կալանաւորուած են: Ատիկա կը նշանակէ, որ չեն համաձայնած այդպիսի ցուցմունքներ տալ, որովհետեւ չէ ալ եղած այդպիսի հանգամանք», յայտարարեց Արսէն Բաբայեան:

 

Նախորդը

Վերման. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Հայաստանի Հետ Առանցքային Ոլորտներու Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրելու Հարցին Մէջ Ճամբու Քարտէս Ունենալ»

Յաջորդը

Բռնաճնշումներու Նոր Ալիք` Դաշնակցութեան Դէմ. Ձերբակալուած Են 13 Դաշնակցականներ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.