Հայաստանի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը մեծապէս կարեւոր է Միացեալ Նահանգներու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 17 յունիսին Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի կառավարման եւ ներուժի հարցերով տեղակալ Ռիչըրտ Վերման:
Վերման ընդգծած է, որ երեւանեան քննարկումներուն հիման վրայ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ ունենալ յստակ ճամբու քարտէս առ այն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք յառաջընթաց արձանագրել առանցքային` խաղաղութեան եւ բարգաւաճման, տնտեսութեան, առեւտուրի, մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւններու ոլորտներուն մէջ, եւ շարունակել Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ համագործակցութիւնը դէպի նոր մակարդակ:
Միրզոյեան եւ Վերման հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացումը դիտարկած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմակայութեան ամրապնդման ծիրին մէջ:
Անդրադառնալով շրջանային անվտանգութեան հարցերուն` Միրզոյեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալին ներկայացուցած է Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ներառեալ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման ուղղութեամբ ջանքերը, նաեւ անդրադարձած տնտեսական ու փոխադրամիջոցային փոխկապուածութեան հարցերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի իրականացման պարագային ընձեռուող կարելիութիւններուն:
Ընդգծելով, որ 12 յունիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան 2-րդ նիստը` Միրզոյեան շեշտած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութիւնը նոր ուղղութիւններով հարստացնելու Երեւանի ձգտումը: «Այսպիսով, մենք կը շարժինք ճիշդ ճամբով, ունինք շօշափելի արդիւնքներ, պիտի քննարկենք աւելին» ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը Հայաստան հասած է 17 յունիսին` Միացեալ Նահանգներու քաղաքապետներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութեան առաջին պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ: