Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւններուն Միջեւ Խորհրդակցութիւններ` Քիեւի Մէջ

June 19, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 յունիսին Քիեւի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Հայաստանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը, ուքրանականինը` Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Եւհեն Փերեպիյնիսը:

Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկկողմանի քաղաքական օրակարգի հարցերու լայն շրջանակին, քննարկուած են փոխադարձ կարեւորութիւն ունեցող ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ աշխուժացման հեռանկարները: Կողմերը քննարկած են առեւտրատնտեսական, իրաւապայմանագրային եւ այլ ուղղութիւններով համագործակցութեան հարցեր:

Կողմերը կարծիքներ փոխանակած են միջազգային եւ շրջանային օրակարգի` երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ: Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր մակարդակներու վրայ շարունակական հաղորդակցութիւններն ու միտքերու պարբերական փոխանակումը:

Ուքրանական կողմը մանրամասն տեղեկացուած է Ազրպէյճանի յարձակումի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքի բռնագրաւման հետեւանքով շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան, ինչպէս նաեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան ջանքերուն վերաբերեալ:

Մնացական Սաֆարեան ուքրանական պատուիրակութեան տեղեկացուցած է կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման ապահովման ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մասին, որուն հիմքերն են գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքները:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «ՀԱՊԿ»-էն Դուրս Գալը Հայաստանի Որոշելիքն Է»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.