Պիելոռուսիան չի պատրաստուիր վատթարացնելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները: ՊելԹԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անաթոլի Կլազ:
«Կարեւոր է հասկնալ, որ Հայաստանի հետ ունինք երկարամեայ սերտ, բարեկամական յարաբերութիւններ եւ հասարակաց պատմութիւն, իսկ այսօր նաեւ փոխշահաւէտ առեւտուր, ինչպէս նաեւ գործարար սերտ կապեր: Մենք չենք պատրաստուիր վատթարացնելու այդ յարաբերութիւնները, որքան ալ արտաքին դերակատարները Հայաստանի ղեկավարութեան ատոր դրդեն: Մենք ոչինչ ըրած ենք մեր ընկերներուն վնասելու համար, մենք չենք խառնուիր ներքին գործերուն, մենք կը յարգենք հայ ժողովուրդը եւ անկեղծօրէն կը մաղթենք ղեկավարներ, որոնք իսկապէս կը մտածեն երկրի ապագային եւ ժողովուրդի բարօրութեան մասին», ընդգծած է Անաթոլի Կլազ:
Նախապէս հաղորդուեցաւ, որ Պիելոռուսիան խորհրդակցութիւններու համար տուն կը կանչէ Հայաստանի մէջ իր դեսպան Ալեքսանտր Քոնիուքինը:
«Մենք բոլորս կը տեսնենք, թէ որքա՛ն բարդ է Հայաստանի մէջ ներքաղաքական կացութիւնը, ի՛նչ արագութեամբ կը սրի երկրին մէջ ճակատումը: Տարբեր մարդիկ, ի հարկէ, տարբեր դիմադրողականութիւն ունին լուրջ յուզական ընկճուածութեան նկատմամբ: Ատիկա մենք կը հասկնանք, սակայն չենք հասկնար` Պիելոռուսիան ի՞նչ կապ ունի», նշած է ան:
Անոր համաձայն, Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչը հրաւիրուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն` անկէ բացատրութիւն ստանալու նպատակով:
«Հաշուի առնելով կացութեան զարգացումը` մօտիկ ապագային Երեւանէն Մինսք պիտի հասնի նաեւ մեր դեսպանը», ըսած է Անաթոլի Կլազ:
Ան ընդգծած է, որ եթէ Հայաստանի մէջ մէկը որոշած է արտաքին թշնամիի կերպարի միջոցով ուշադրութիւն շեղել ներքին խնդիրներէն, ապա ատիկա շատ անհեռատես դիրքորոշում է:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարած էր, որ ինք, Հայաստանի որեւէ պաշտօնական ներկայացուցիչ այլեւս պիտի չայցելեն Պիելոռուսիա, այնքան ատեն որ նախագահը Ալեքսանտր Լուքաշենքոն է:
Ատկէ ետք հաղորդուեցաւ, որ Պիելոռուսիոյ, մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ռազմիկ Խումարեանը կանչուած է Երեւան` խորհրդակցութիւններու համար:


