Ռուսիան պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ աշխատիլ` յստակացնելու համար Երեւանի ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ դիրքորոշումը, եւ կ՛ակնկալէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին գործընկերութեան եւ դաշնակցային շրջագիծի մէջ: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ մեր հայ ընկերներուն հետ, պիտի յստակացնենք անոնց դիրքորոշումը, ի հարկէ, յոյսով ենք, որ ամէն պարագայի հաւատարիմ պիտի մնանք գործընկերային եւ դաշնակցային յարաբերութիւններուն», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հայաստանի` ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու վերաբերեալ յայտարարութիւններուն:
«Իւրաքանչիւր երկիր ինք կ՛որոշէ իր առաջնահերթութիւնները, մեր առաջնահերթութիւնները լաւ հասկնալի են, մենք հետեւողականօրէն կը պաշտպանենք զանոնք, եւ այդ առաջնահերթութիւնները անվտանգութեան, հաւաքական անվտանգութեան ոլորտին մէջ մեզի հետ կը կիսեն ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը:
Քրեմլինի ներկայացուցիչը նշած է, որ հաւանաբար ասով շահագրգռուած է նաեւ Հայաստանը:
Նշենք, որ Փաշինեան նախանցեալ օր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ ՀԱՊԿ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ յաջորդ տրամաբանական քայլը պիտի ըլլայ կազմակերպութենէն դուրս գալը:
«Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ կառավարութեան մեր ծրագիրին մէջ մենք չենք ըսած, որ պիտի մնանք ՀԱՊԿ-ի անդամ: Մենք ըսած ենք` հարցումներ ունինք, որոնց պատասխաններուն ետեւէն պիտի երթանք: Ե՞րբ ատիկա տեղի կ՛ունենայ` կ՛որոշենք, հաւանական է` մէկ ամիս, հաւանական է` մէկ տարի, հաւանական է` երեք տարի», ըսած է Փաշինեան:


