Նոր պահանջներ դնելու, յաւելեալ բանակցութիւններ կատարելու գործելաոճը պէտք է դադրեցուի, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Օ՛Պրայըն, ընդգծելով, որ ժամանակն է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը համաձայնութեան գան խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ:
«Ինչո՞ւ ժամանակն է: Մեր կարծիքով` սերունդի կամ թերեւս քանի մը սերունդի ընթացքին մէկ անգամ եղող կարելիութիւն կայ Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Միջերկրական ծով առեւտրական երթուղի կառուցելու համար: Ատիկա կրնայ ըլլալ միայն այն պարագային, եթէ խաղաղութիւն ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Եւ ատիկա պիտի բանայ ոչ միայն հիմնական առեւտուրը, այլ նաեւ նոր արդիւնաբերութիւնները այդ երթուղիի ամբողջ երկայնքին», ըսած է ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարը շարունակած է. «Ատիկա կրնայ հիմա տեղի ունենալ: Քանի մը տարի ետք կրնայ այլեւս այդքան կարեւոր չըլլալ: Քանի մը տարի առաջ ատիկա կարելի չէր: Ես նաեւ կը կարծեմ, որ այժմ հիանալի պահ է, որովհետեւ այդ երթուղիի երկայնքին գտնուող երկիրները կ՛ուզեն կրճատել ռուսական ազդեցութիւնը: Եւ ժողովրդավարական յանձնառութիւնը, որ մենք կը տեսնենք Հայաստանի մէջ, բարեփոխումները, որոնց հայ ժողովուրդը կրկին ու կրկին աջակցած է 2018 թուականէն ի վեր, կը նշանակեն, որ Հայաստանը կը գտնուի փուլի մը մէջ, ուր կրնայ նման որոշում տալ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ տակաւին սատարման կարիք կայ, կարելի՞ է եզրակացնել, որ Պաքու մինչեւ հիմա կը տատամսի համաձայնելու հարցին մէջ, արտաքին գործոց փոխնախարարը արձագանգած է, որ իր կարծիքով` երկու կողմերն ալ հաւատարիմ են խաղաղութեան, եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛ակնկալեն, որ յառաջիկայ շաբաթներու կամ ամիսներու ընթացքին անոնք կրնան համաձայնութեան հասնիլ: Այդ պարագային ինչո՞ւ Պաքուն նորանոր պահանջներ կը դնէ, Օ՛Պրայըն ըսած է. «Կը կարծեմ, որ մենք իրապէս երկու կողմերէն ալ կը տեսնենք կարծր սակարկութիւններ եւ նաեւ հետաքրքրական մարտավարական հնարքներու շարք մը` համաձայնութեան հասնելու ուղիներու շուրջ: Սահմանազատման վերաբերեալ այս վերջին համաձայնութիւնը որոշակի առեւտուր էր. Հայաստանը գիտէր, որ պէտք է հրաժարի ատկէ, Ազրպէյճանն ալ համաձայնեցաւ սահմանազատման գիծի մը, որ անոնք գիտէին, որ Հայաստանը պիտի ընդունի` Ալմա Աթայի հռչակագիրը: Ուստի, իւրաքանչիւր կողմ փոխզիջումի դիմեց: Կը կարծեմ, որ այս` նոր պահանջներ դնելու, ապա յաւելեալ բանակցութիւններ կատարելու գործելաոճը որոշ պահու պէտք է դադրեցուի: Ըստ ինծի, յաջող համաձայնագիրի մօտաւոր ուրուագիծը արդէն գիտենք: Եւ, հիմա, իսկապէս, խնդիրը այն է, որկողմերը ընդունին` ժամանակն է համաձայնութեան գալու»:
Բանակցութիւններու ընթացքին, յատկապէս սկզբնական փուլին, Հայաստանի վարչապետը կը յայտարարէր, թէ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն համար պէտք է միջազգային երաշխիքներ ըլլան: Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ կողմերը համաձայնին, Միացեալ Նահանգները պիտի համաձայնի՞ն դառնալ այդ համաձայնութիւններու երաշխաւորը, արտաքին գործոց փոխնախարարը պատասխանած է` կողմերէն ոեւէ մէկը իրենց այդ հարցով չէ դիմած:
«Թէ ճիշդ ի՞նչ դեր կրնանք ունենալ կամ չունենալ, իրականութեան մէջ պէտք է որոշեն երկու կողմերը: Մենք չենք յաւակնիր շրջանին մէջ ըլլալ գերտէրութիւն կամ միջամտող: Մենք այստեղ ենք` աջակցելու շրջանի ժողովուրդներու օրինական ցանկութեան` կնքել խաղաղութեան համաձայնագիր, որ տեւական պիտի ըլլայ: Այս պահուս կողմերը բաւական լաւ կը խօսին ուղիղ` իրարու հետ», ըսած է ան:
Երեւան այցելելէ ամիսներ առաջ` Օ՛Պրայըն անցեալ նոյեմբերին Քոնկրեսին մէջ պնդած էր, որ Ազրպէյճանի հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները բնականոն պիտի չըլլան, եթէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր չստորագրուի: Նաեւ` ընդգծած, թէ Ազրպէյճանը պէտք է երաշխաւորէ Արցախի հայերու վերադարձն ու իրաւունքները, չբացառելով, որ հակառակ պարագային նախագահ Ալիեւի նկատմամբ պատժամիջոցներ կրնան կիրարկուիլ: Մինչեւ օրս Ուաշինկթընի յառաջ քշած այս պահանջներէն որեւէ մէկը չէ իրագործուած:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ալիեւի դէմ պատժամիջոցները կը մնա՞ն սեղանին վրայ, Օ՛Պրայըն ըսած է. «Մենք նշած ենք, որ անկախ քննութիւն պիտի կատարենք սեպտեմբերին տեղի ունեցածին, նաեւ ատկէ ետք շարունակուող յարաբերութիւններուն շուրջ, եւ հիմա ատով զբաղած ենք: Պատասխանատու միջազգային կազմակերպութիւնները մուտք ունին այդ վայրեր եւ կրնան մեզի անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն տրամադրել»:
Մինչ այդ` անկախ քննութեան աւարտը, ըստ Օ՛Պրայընի, Ուաշինկթընի մէջ չունին յստակ գնահատական` Արցախի մէջ տեղի ունեցածը գա՞ղթ էր, թէ՞ ցեղային զտում: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ուաշինկթըն համաձա՞յն է Ալիեւի գնահատականին, որ ղարաբաղեան տագնապը այլեւս լուծուած է, եւ անհրաժեշտ է հիմա լուծարել Մինսքի խմբակը, արտաքին գործոց փոխնախարարը արձագանգեց` ատիկա հարց մըն է, որուն պատասխանը կողմերը պիտի տան:


