ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Տալիտա Քարքաճեան-Պաղտասարեան
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Նորա Պաղտասարեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին տոքթ. Ռուբէն եւ Լարա Հորուբեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Սալբի Պաղտասարեան-Քէհիայեան եւ զաւակունք (Յունաստան)
Տիկին Պերճուհի Պաղտասարեան (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Սիլվա Պաղտասարեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Պաղտասարեան եւ Քարքաճեան ընտանիքներ
Գրիգորեան եւ Պօղոսեան ընտանիքներ
Շնորհոքեան եւ Տէր Պետրոսեան ընտանիքներ
Մարգարեան եւ Հորուբեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր եւ հարազատին`
ԶԱՐԵՀ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ
(Գրատուն Զարեհ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 9 յունիս 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 13 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ճիւնիի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ վերջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
—————————————
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 9 յունիս 2024-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ արժանավայել հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Հայ ազգային բուժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակը: Հանդիսութեան հայերէն երգացանկով իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ֆայհա» երգչախումբը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի:
Այս առիթով խնամակալութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ` վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայկական բժշկական հիմնադրամի խնամակալութեան (Նիւ Եորք), Լիբանանի եւ արտերկրի բարերարներուն, հանդիսութեան ներկայ գտնուողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:
100-ամեակին առիթով նախաձեռնուած նուիրահաւաքին հասոյթը հասաւ 104 հազար ամերիկեան տոլարի:
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ`
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ


