Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Ռազմավարական Գործընկերութեան Յանձնախումբ Պիտի Ստեղծեն

June 13, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան ամփոփիչ նիստի աւարտին երկու կողմերու կառավարութիւնները հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը:

Նշենք, որ 11 յունիսին Երեւանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան ամփոփիչ նիստի ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հիւրընկալած էր Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Օ՛Պրայընի ղեկավարած միջգերատեսչական պատուիրակութիւնը:

Աջակցութիւն Հայաստանի Տնտեսական Եւ
Ուժանիւթային Դիմակայունութեան

Պատուիրակութիւնները քննարկած են աւելի սերտ համագործակցութեան միջոցով փոխադարձ բարգաւաճման, տնտեսական եւ ուժանիւթային դիմակայունութեան խթանման ուղղուած միացեալ ջանքերը` հաշուի առնելով 5 ապրիլ 2024-ին Պրիւքսելի մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի միացեալ հանդիպման ժամանակ տեղի ունեցած կարեւոր քննարկումները:

Նշելով, որ 2020 թուականէն ի վեր Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը արդէն քառապատկուած է` կողմերը յանձնառութիւն ստանձնած են շարունակելու առաւելագոյնս ընդլայնել առեւտրական եւ տնտեսական կապերը:

Կողմերը քննարկած են պատժամիջոցներու եւ արտածման վերահսկման հարցերու մէջ աճող համագործակցութիւնը: Անոնք նաեւ քննարկած են արտածման արտօնագրման կարելիութիւնները` յառաջադէմ ճարտարագիտական ապրանքներու առեւտուրը դիւրացնելու նպատակով:

Քննարկումները կեդրոնացած են նաեւ Հայաստանի պարենային անվտանգութեան եւ ուժանիւթային անկախութեան խթանման վրայ, ներառեալ հիւլէական ուժանիւթի եւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական լուծումներու բացայայտման ուղղութեամբ արդէն իսկ իրականացուած աշխատանքները:

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը մտադիր է աջակցիլ Հայաստանին մշակելու փոխադրամիջոցային ռազմավարութիւն, որ պիտի դրուի Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի տեսլականի հիմքին մէջ` արդար ու յարատեւ խաղաղութեան միջոցով խրախուսելով եւ ամրապնդելով շրջանային առեւտուրն ու փոխկապակցուածութիւնը:

Այս խաղաղութիւնը պիտի բանայ ամբողջ շրջանի ներուժը եւ էական օգուտներ պիտի բերէ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն: Միացեալ Նահանգները կ՛ընդունին շարունակուող տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները, որոնց կը բախի Հայաստանը` Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերուն եւ գաղթականներուն աջակցելու ընթացքին, եւ մտադիր են շարունակել աջակցիլ այս ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն:

Միացեալ Նահանգները բարձր կը գնահատեն տեղահանուած անձերուն եւ գաղթականներուն ապաստան տրամադրելու Հայաստանի ջանքերը, իսկ Հայաստանը երախտագիտութիւն յայտնած է աւելի քան 21 միլիոն տոլարի մարդասիրական աջակցութեան համար, որ Միացեալ Նահանգները տրամադրած են 2020 թուականի սեպտեմբերէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերուն եւ գաղթականներուն աջակցելու համար:

Փոխշահաւէտ Համագործակցութեան Ամրապնդում`
Անվտանգութեան Եւ Իրաւապահ Ոլորտներուն Մէջ

Ամփոփիչ հանդիպման մասնակիցները ընդգծած են Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան կարեւոր դերը Հայաստանի պաշտպանական ոլորտի վերափոխման եւ իրաւապահ համակարգի զարգացման նախաձեռնութիւններուն մէջ, որոնց Միացեալ Նահանգները կը նախատեսեն շարունակել աջակցիլ խորհրդատուական ծրագիրներով, բանակ-բանակ հաղորդակցութիւններով, Միջազգային զինուորական կրթական ու ուսուցողական ծրագիրի միջոցով մասնագիտական ռազմական կրթութեան կարելիութիւններով եւ Քանսասի ազգային պահակագունդին հետ երկարաժամկէտ պետական համագործակցութեան ծրագիրով:

Պատուիրակութիւնները ընդգծած են նաեւ համագործակցութեան կարեւոր փուլերէն մէկը` «Արծիւ գործընկեր 2023» ռազմափորձը: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները նաեւ ողջունած են 2024 թուականի մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ ուժերու սպայակոյտի եւ Միացեալ Նահանգներու եւրոպական հրամանատարութեան միջեւ առաջին տարեկան սպայակոյտային բանակցութիւններու մեկնարկը եւ համաձայնած են նախաձեռնել Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի պաշտպանական խորհրդակցութիւններ` պաշտպանական համագործակցութեան նպատակները նախանշելու համար:

Հիմնուելով Հայաստանի պարեկային ծառայութեան յաջողութեամբ ստեղծման փորձառութեան վրայ, որ համազգային ընդգրկում ստացած է 2023 թուականին, կողմերը քննարկած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ապագայ աջակցութեան տրամադրումը, ներառեալ ծրագրուած ջանքերը` ուղղուած ոստիկանական կրթութեան զարգացման ու մարդկային ներուժի կառուցուածքային ստորաբաժանումներու արդիականացման` հաշուետուողականութեան եւ դիմակայունութեան բարձրացման համար:

Միացեալ Նահանգները բարձր կը գնահատեն Հայաստանի շարունակական ներդրումը միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ եւ պատրաստակամ են խաղաղապահութեան եւ իրաւապահ մարմիններու զարգացման ուղղութեամբ յաւելեալ համագործակցութեան հարցին մէջ:

Արդարադատութեան, Ժողովրդավարական Հիմնարկներու Եւ
Հասարակաց Ժողովրդավարական Արժէքներու Խթանում

Պատուիրակութիւնները ամփոփած են արդարադատութեան ոլորտին մէջ շարունակուող համագործակցութիւնը` գնահատելով Միացեալ Նահանգներու նշանակալի ներդրումը Հայաստանի արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներուն միտուած ջանքերուն մէջ: Միացեալ Նահանգները մտադիր են նաեւ շարունակել աջակցիլ հայկական հաստատութիւններուն, որոնք կեդրոնացած են փտածութեան եւ անդրազգային կազմակերպուած յանցագործութեան կանխարգիլման եւ ատոր դէմ պայքարի վրայ, ինչպէս նաեւ դատական անաչառութեան, ամբողջականութեան եւ անկախութեան խթանման ուղղուած ջանքերուն:

Պատուիրակութիւնները քննարկած են զոհերուն ու վկաներուն աջակցելու եւ արդարադատութեան մատչելիութեան ապահովման ծրագրաւորուած ծրագիրները: Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն աջակցիլ ամուր քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու համար անկախ միջավայրի զարգացման` Հայաստանի ժողովրդավարական հիմնարկներու հետագայ ամրապնդման եւ թափանցիկութեան բարձրացման նպատակով:

Երկուստեք ընդգծուած է մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու, օրէնքի գերակայութեան յարգման կարեւորութիւնը: Երկու կողմերը յանձնառութիւն ստանձնած են միասնաբար աշխատիլ այս ուղղութեամբ: Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը հասարակաց ժողովրդավարական արժէքներուն եւ ժողովրդավարական, բարգաւաճ ու խաղաղ Հայաստանի զարգացման նպատակին:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Յաջորդը

Լարուած Վիճակ Եւ Բախումներ` Ազգային Ժողովի Շէնքին Դիմաց

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.