Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելը Անկարելի Է, Եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Մնայ Անփոփոխ»

June 8, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելը անկարելի է, եթէ Հայաստանի սահմանադրութիւնը մնայ անփոփոխ: Այս մասին թրքական պետութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներուն հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Ազրպէյճանը երբեք տարածքային պահանջ չէ ունեցած որեւէ երկրի, ներառեալ Հայաստանի նկատմամբ: Ինքնին Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ կան», ըսած է ան:

Անոր համաձայն, երբ Ազրպէյճանը այդ հարցը կը դնէ, ատիկա չի նշանակեր, որ Պաքուն Հայաստանի ներքին գործերուն կը միջամտէ:

«Բացարձակապէս ոչ, սակայն ատիկա մեզի կը վերաբերի: Մենք չենք կրնար Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել, երբ անոնք մեզմէ տարածքային պահանջներ ունին», նշած է Ալիեւ:

Ան ըսած է, որ Ազրպէյճանը Հայաստանին առաջարկած է միասին դիմել ԵԱՀԿ-ին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու համար:

«Իրողապէս պիտի չարտօնենք, որ անիկա գործէ: Եթէ Հայաստանը որոշէ պահել Մինսքի խմբակը, ատիկա պիտի նշանակէ, որ Ազրպէյճանի նկատմամբ անոր տարածքային պահանջները կը շարունակուին», ըսած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտնած է, որ այսօր Եւրոպական Միութեան առնուազն 3 երկիրներ Պաքուի դէմ «պաղ պատերազմ» յայտարարած են:

«Ղարաբաղեան 2-րդ պատերազմէն եւ յատկապէս անցեալ տարուան հակաահաբեկչական գործողութենէն ետք, որոշ եւրոպական երկիրներ սկսան անհիմն եւ անբարեխիղճ յարձակումներ գործել մեր վրայ: Անոնք կը նսեմացնեն Ազրպէյճանը, ստուերի տակ կ՛առնեն մեր կատարածը, սպիտակը կը կոչեն սեւ, սեւը` սպիտակ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ խօսքը Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանին աջակցութեան մասին է:

Ալիեւի համաձայն, Պրիւքսելի քայլերը «հիմնուած են ոչ թէ միջազգային օրէնքի արժեչափերու, այլ անձնական յաւակնութիւններու վրայ»:

«Ցաւօք, որոշ երկիրներ, որոնք կը ձգտին յատուկ տեղ գրաւել Եւրոպայի մէջ, կրցան նոյնիսկ հակաազրպէյճանական դաշինք կազմել: Այսօր Եւրոպական Միութեան անդամ առնուազն երեք երկիրներ «պաղ պատերազմ» յայտարարած են Ազրպէյճանի դէմ: Այդ երկիրները յայտնի են», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը, սակայն չէ յստակացուցած, թէ ո՛ր պետութիւնները նկատի ունի:

Ալիեւ միեւնոյն ժամանակ դրական որակած է Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Հակառուսական, Հակաազրպէյճանական, Հակաիրանեան Նպատակները Հետզհետէ Աւելի Ակնյայտ Կը Դառնան»

Յաջորդը

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Երթ Կազմակերպեց Դէպի Սարեան Փողոց

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.