«Մոսկուան բացասական վերաբերմունք ունի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութեան նկատմամբ եւ բազմիցս նշած է ատոր առճակատողական էութիւնը», այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ըստ անոր, ասիկա իրականութեան մէջ կիսառազմական ներկայութիւնն է հայկական տարածքին մէջ:
«Որեւէ տեղ ապացոյցներ փնտռելու կարիք չկայ, ամէն ինչ ակնյայտ է. այս առաքելութեան հակառուսական, հակաազրպէյճանական, հակաիրանեան նպատակները հետզհետէ աւելի ակնյայտ կը դառնան: Առաւել եւս, երբ ատոր սկսան միանալ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներ, բոլորին ամէն ինչ յստակ դարձաւ:
«Ռազմաքաղաքական կացութեան ապակայունացումէն եւ շրջանը աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան դաշտի վերածելէն բացի Եւրոպական Միութեան նմանօրինակ նախաձեռնութիւններէն այլ բան չ՛արժեր սպասել», ըսած է Զախարովա:
Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրները պէտք է եւ կրնան լուծուիլ միայն շրջանի պետութիւններուն միացեալ ջանքերով` առանց արտաքին միջամտութեան եւ հաշուի առնելով շրջանի երկիրներու շահերը:


