Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան 106-Ամեակին Առիթով Յարգանք` Արամ Մանուկեանին

Մայիս 30, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոն եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, կառոյցի հայաստանեան ու սփիւռքի ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ու ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամներն ու քաղաքացիներ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին առիթով այցելեցին Արամ Մանուկեանի յուշարձան ու ծաղիկներ զետեղեցին` իբրեւ յարգանք անոր վաստակին:

Այս առիթով խօսք արտասանեց ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:

«Այսօր եկածէ մեր պայքարը վերահաստատելու օրը: Եւ մենք կը վերահաստատենք մեր պայքարը, Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերու նպատակները: Մեզմէ կը պահանջուի  համախմբութիւն` համահայկական համախմբութիւն, ուժականութիւն, որ վերահաստատենք ու ըսենք, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը պատահականութիւն չէր, Հայաստանի ու Արցախի անկախութիւնը պատահականութիւն չէր, եւ մենք պիտի վերակերտենք մեր միացեալ երկրի, մեր միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը», ըսաւ ան:

Մինասեան ընդդգծեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները պատահականութեան իբրեւ արդիւնք չեն ստեղծուած, այլ` պայքարի: «Անկախութեան ձեռքբերումը հրաշալի է, բայց շատ կարեւոր է անկախութիւնը պահելը, փայփայելը եւ ամէնէն կարեւորը` զգօն ըլլալը: Մենք զգօն չեղանք, չտեսանք մեր մէջէն աճող որդը` թշնամական որդը, դաւաճանները, հակառակը` մենք զանոնք փայփայեցինք, սիրաշահեցանք, առանց ըմբռնելու, առանց ընկալելու, որ ասոնք կու գան, որ մեր դարաւոր երազանքը կոտորեն, փշրեն, թշնամիին յանձնեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը»:

ՀՅԴ-ի անդամ, իրանագէտ Սարգիս Մկրտչեան դիտել տուաւ, որ խումբ մը մարդոց մօտ այն ատեն կար, հիմա ալ կայ այն գաղափարը, որ մենք անկարող ենք ու պարտաւոր ենք ծունկի գալ թուրքերուն առջեւ, բայց կայ նաեւ խումբ մը, որ այդպէս չի մտածեր ու կը պայքարի` հաւատալով, որ մենք արժանի ենք եւ իրաւունք ունինք անկախ ապրելու այս երկրագունդին վրայ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կարեւոր նկատեց Արամ Մանուկեանի դերը պայքարի ու պետականակերտման գործին մէջ` նշելով, որ այսօր իշխանականներուն ըրածը ամբողջովին հակառակն է:

Նախորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողով

Յաջորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Ու Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցերը

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին
Հայկական

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին
Հայկական

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?