Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրհասական Վերածնունդ

Մայիս 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

«Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ:
Մենք ձեր դէմ ելանք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս ոռնացիք վայրագ:
Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ»:

Յ. ՇԻՐԱԶ

Մեր ազգի ցաւն ու տառապանքը մարմնաւորող ապրիլը, վէրք հանդիսանալով հանդերձ, չվերածուեցաւ ազգի կործանման ու ոչնչացման ազդակի, այլ եղաւ յառաջիկայ հայկական մայիսներու կերտման խորհրդանիշ:

Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը անդադար կը ռմբակոծուէր: Պահը օրհասական էր եւ պէտք էր որոշել` կա՛մ Ստեփանակերտը դատարկել իր բնակչութենէն, խուսափելու համար մարդկային զոհերէն, եւ կա՛մ անհրաժեշտ էր զինեալ պայքարը: Վճիռը չուշացաւ` «Ամէն գնով ազատագրել Շուշին», որուն իբրեւ արդիւնք` 8 մայիս 1992-ին, որոշուեցաւ յարձակիլ չորս ուղղութիւններով, այդպէս ալ ծնունդ առաւ հայոց բերդաքաղաք Շուշիի ազատագրումը` «Հարսանիք լեռներում»: Ապա 9 մայիս 1992-ին ԼՂՀ-ի բանակը ազատագրեց Շուշին եւ շարժեցաւ դէպի Բերձոր (Լաչին), որուն գրաւումով ազատագրուեցաւ Արցախը, եւ վերջապէս հայ ժողովուրդը ապրեցաւ ազատ շունչով ու յուսալի ապագայի տեսլականով:

Մօտաւորապէս երեսուն տարիներ մեզ կը բաժնեն հերոսական այդ օրերէն, երբ արդէն կը կերտէինք երկու հայկական ազատ պետութիւններ, եւ ահաւասիկ 2 տարիներ առաջ անոնք յանձնուեցան թշնամիին, բայց այդ մէկը պատճառ չէ յուսահատութեան եւ ընկճուելու, այլ յաւելեալ աշխատանքի խորհրդանիշ մը` մեր իրաւունքներու վերատիրացման համար:

Հակառակ այս բոլորին` տակաւին կը շարունակենք պայքարիլ, համոզուած ըլլալով մեր արդար Դատի հետապնդման ուղիին, ինչպէս նաեւ` արդարութեան, հաւասարութեան, ազատութեան, մարդոց եւ ազգերու արդար իրաւունքի գաղափարներուն:

Իբրեւ ԼԵՄ-ական երիտասարդներ` հետեւինք օրինակին Շուշին ազատագրող հերոս ֆետայիներու, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին իրենց անձնական կեանքէն, պայքարեցան յանուն ազատութեան` կեդրոնանալով միայն գերագոյն եւ արդար նպատակի ու ժողովուրդի խաղաղ կեանք մը խոստացող ապագային հայրենի հողին վրայ, անտեսելով անձնական շահերն ու մահը եւ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» գաղափարով զինուած` իրենց արեամբ ազատագրեցին Արցախի սուրբ հողը:

Այս ֆետայիներու թափած սուրբ արիւնը պիտի չչորնայ Շուշիի բռնագրաւուած ու յանձնուած հողերուն վրայ: Անոնց հոգիները հանգիստ պիտի չննջեն: Դուշման Վարդանը Շուշիի բերդին վրայ աչքերը յառած պիտի մնայ ու սպասէ նոր ու ազատատենչ հայ կամաւորներու վերադարձին եւ հողերու վերատիրացումին:

«Հարսանիք լեռներում» գործողութեան ճիգերը անաւարտ կը համարուին, այնքան ատեն որ լիարժէքօրէն չեն իրագործուած այդ գործողութեան նպատակները` ունենալ միասնական, կայուն ու զարգացող պետութիւն, հասնիլ Հայ դատի արդար լուծման ու հայ ազգի իրաւունքներու ամբողջական տիրացման, հաւատարիմ մնալով մեր պապերուն թափած սուրբ արեան եւ հասնելու Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, մինչեւ սփիւռքի եւ ի վերջոյ համայն հայութեան գերագոյն նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

 

 

 

Նախորդը

Անմոռանալի Հերոսներ

Յաջորդը

Մայիս 28-ի Խորհուրդը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?