ՅԱՍՄԻԿ-ՆԱՆԱՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
1920-ականներուն, երբ Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ նոր ազգային վարժարաններ սկսան հիմնուիլ, առաջնահերթ խնդիրը հայ մանուկներուն մասնաւորաբար հայեցի կրթութիւն ապահովելն էր: Սակայն վարժարաններու թիւի աճին եւ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ պետական քննութիւններու պարտադրման զուգահեռ, անհրաժեշտ դարձաւ կրթական գործունէութիւնը համադրել եւ ազգային վարժարաններու միջեւ ընդհանուր չափանիշներ սահմանել: Հարցը այլեւս միայն դպրոցներու գոյութիւնը չէր, այլ` տարբեր շրջաններու մէջ գործող վարժարանները կրթական ընդհանուր ուղղութեան մը շուրջ համախմբելը: Առ այդ,
ծագեցաւ նոր հարց մը` ինչպէ՞ս աշխատիլ, որ տարբեր շրջաններու մէջ գործող այս վարժարանները ունենան կրթական մէկ ուղղութիւն եւ ազգային միասնականութիւն:
Ուսումնական աշխատանքը կազմակերպելու այս գաղափարը նորութիւն մը չէր հայ ազգային կեանքին մէջ: Անոր հիմքերը կը գտնուին 1863 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հաստատուած Հայոց ազգային սահմանադրութեան 45-րդ յօդուածին մէջ, որ ազգային կրթութեան կազմակերպման եւ վերահսկողութեան նպատակով նախատեսեց Ուսումնական խորհուրդի ստեղծումը: Այս սկզբունքը հետագային իր շարունակութիւնը գտաւ նաեւ լիբանանահայ գաղութի ազգային կեանքին մէջ, ուր Ուսումնական խորհուրդը ստանձնեց ազգային վարժարաններու կրթական գործունէութեան կազմակերպման կարեւոր պատասխանատուութիւնները: Բացի ատկէ, Ուսումնական խորհուրդը Լիբանանի մէջ ունեցաւ նաեւ իր կանոնագիրը, որով սահմանուեցան կրթական գործունէութեան հիմնական սկզբունքները:
Այդ կանոնագիրին համաձայն, Ուսումնական խորհուրդին գործունէութիւնը ընդարձակուեցաւ. դպրոցներու ընդհանուր վերահսկողութենէն անդին` ան սկսաւ կազմակերպել ուսումնական ծրագիրներու համադրումը, դասաբաշխումներու որոշումը, դասագիրքերու ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ` միասնական քննութիւններու կազմակերպումը: Այս աշխատանքի կազմակերպութեամբ, Խորհուրդը կը ձգտէր ստեղծել ազգային վարժարաններու միջեւ միասնական կրթական կանոններ եւ ուղղութիւն` ապահովելով կրթական գործընթացի որակական բարձրացում եւ ազգային ինքնութեան պահպանման հաստատուն հիմքեր:
Դասաբաշխման միասնականացում
Այս ուղղութեամբ առնուած կարեւոր քայլերէն մէկը շաբաթական դասաբաշխման միասնական տախտակի կազմութիւնն էր: Անոր միջոցով կը սահմանուէր, թէ ազգային վարժարաններու մէջ իւրաքանչիւր նիւթ շաբաթական քանի՛ դասաժամ պիտի ունենար: Այսպիսի միասնական դասաբաշխում մը կը նպաստէր ստեղծման այնպիսի կրթական պայմաններու, որոնց շնորհիւ ազգային տարբեր վարժարաններ յաճախող աշակերտները, անկախ իրենց բնակած կամ յաճախած դպրոցի գտնուած վայրերէն, կը ստանային համեմատելի կրթութիւն` սահմանափակելով այն տարբերութիւնները, որոնք կրնային գոյութիւն ունենալ տարբեր ազգային վարժարաններու միջեւ:
Դասագիրքերու միասնական ընտրութիւն
Կրթական միասնականացումը չէր սահմանափակուեր միայն դասաժամերու բաշխումով: Ան կը տարածուէր նաեւ դասաւանդման բովանդակութեան վրայ: Ուսումնական խորհուրդը կարեւոր դեր ունէր ազգային վարժարաններուն մէջ գործածուելիք դասագիրքերու ընտրութեան եւ հաստատման մէջ:
Այս նպատակով իւրաքանչիւր ուսումնական տարեշրջանի սկիզբին Խորհուրդը շրջաբերականներով կը դիմէր ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ պատասխանատու մարմիններուն` փոխանցելով տուեալ տարեշրջանին համար հաստատուած դասագիրքերու ցանկը` ըստ դասարաններու, եւ անշուշտ ոչ միայն հայերէնի, կրօնի եւ Հայոց պատմութեան, այլ նաեւ` այլ ուսումնական նիւթերու պարագային:
Այս գործելակերպը կը նպաստէր ուսումնական բովանդակութեան միասնականացման, որուն վրայ պիտի կառուցուէր ազգային վարժարաններու տարբեր նիւթերու դասաւանդութիւնը:
Սակայն դասագիրքի ընտրութեան աշխատանքը միայն վարչական որոշումով չէր վերջանար: Ուսումնական խորհուրդը անհրաժեշտ կը նկատէր նաեւ դասաւանդող ուսուցիչներու մասնագիտական կարծիքը: Առ այդ, Ուսումնական խորհուրդի կեդրոնական դերը` կրթական կառոյցի կազմակերպման մէջ, չէ սահմանափակած ուսուցիչներու մասնագիտական դերը: Ընդհակառակը, դասագիրքի ընտրութեան կամ օգտագործելու շարունակութեան նման կարեւոր հարցի մը պարագային, ան կը դիմէր անմիջականօրէն դասաւանդող ուսուցիչներուն` նկատի ունենալով անոնց գործնական փորձառութիւններուն:
Այս մօտեցումը նաեւ կը յստակացնէ Ուսումնական խորհուրդի եւ ուսուցիչներու դերերու փոխյարաբերութիւնը: Խորհուրդը կը սահմանէր ազգային վարժարաններու ընդհանուր կրթական ուղղութիւնը եւ կը հաստատէր գործածուելիք դասագիրքերը, սակայն այդ գործընթացին մէջ տեղ կը յատկացուէր նաեւ դասաւանդողներու փորձառութեան եւ կարծիքին: Այսպիսով, կրթական միասնականացումը ամբողջական կեդրոնացում մը չէր:
Միասնական քննութիւններ
Կրթական միասնականացման երրորդ կարեւոր քայլը միասնական քննութիւններու կազմակերպումն էր: Դասաբաշխման եւ դասագիրքերու միջոցով Ուսումնական խորհուրդը կը սահմանէր, թէ ազգային վարժարաններու մէջ ի՛նչ եւ որքա՛ն պիտի դասաւանդուի, իսկ միասնական քննութիւններու միջոցով կը վերահսկէր եւ կը գնահատէր այդ ուսումնական աշխատանքի արդիւնքը: Այս քննութիւնները նախատեսուած էին յատուկ աւարտական դասարաններու աշակերտներուն համար եւ կը կատարուէին երկու հիմնական ուղղութեամբ:
Առաջինը հայագիտական նիւթերու միասնական քննութիւններն էին, որոնք կը ներառէին հայոց լեզու, կրօն եւ հայոց պատմութիւն: Այս քննութիւններուն միջոցով Ուսումնական խորհուրդը կը շեշտէր կարեւորութիւնը այն նիւթերուն, որոնք անմիջականօրէն կը կապուէին հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման հետ:
Երկրորդը Լիբանանի պետական կրթական պահանջներուն համապատասխանող միասնական քննութիւններն էին, որոնք կը ներառէին դպրոցական ծրագիրի միւս հիմնական նիւթերը եւ կը պատրաստէին աշակերտները պետական աւարտական քննութիւններուն: Այս քննութիւնները ազգային վարժարաններուն համար նաեւ նախնական փորձառութիւն մը կը ստեղծէին` աշակերտները ծանօթացնելով պետական քննութիւններու պահանջներուն եւ քննութեան ձեւաչափին:
Միասնական քննութիւններու կազմակերպումը, հետեւաբար, կրթական աշխատանքի վերահսկողութեան լրացուցիչ միջոց մըն էր: Անոնք կը ստեղծէին ընդհանուր չափանիշ մը, որուն հիման վրայ կարելի էր գնահատել աշակերտներու ձեռք բերած գիտելիքները` անկախ այն վարժարանէն, ուր անոնք կը սորվէին: Այս դրութիւնը կարեւոր էր ազգային վարժարաններու կրթական ցանցին համար, որովհետեւ անոնք կը գործէին Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ:
Այսպիսով, միասնական քննութիւնները միայն աշակերտներու գիտելիքներու ստուգման միջոց չէին: Անոնք նաեւ կը ծառայէին կրթական ծրագիրի գործունէութիւնը վերահսկելու եւ ազգային վարժարաններուն միջեւ ընդհանուր չափանիշ մը պահպանելու նպատակին:
Միասնականացումէն դէպի ազգային կրթական համակարգ
Ուսումնական խորհուրդի գործունէութիւնը չէր սահմանափակուեր դպրոցներու վարչական վերահսկողութեամբ: Այս երեք միջոցներու ճամբով ան կը սահմանէր կրթական գործընթացի երեք հիմնական բաղադրիչները` ի՛նչ պիտի դասաւանդուի, ի՛նչ աղբիւրներով պիտի դասաւանդուի, եւ ի՛նչ չափանիշներով պիտի գնահատուի աշակերտին ձեռք բերած գիտելիքը:
Հետեւաբար ազգային վարժարաններու կրթական միասնականացումը կարելի է դիտել իբրեւ ազգային կրթական միջավայրի կազմաւորման միջոց: Տարբեր շրջաններու մէջ գործող վարժարանները, ունենալով ընդհանուր դասաբաշխում, հաստատուած դասագիրքեր եւ միասնական քննութիւններ, աստիճանաբար կը կապուէին կրթական միասնական շրջանակի մը. այս իմաստով, Ուսումնական խորհուրդին դերը կարելի է հասկնալ որպէս ազգային կրթական համակարգի մը կազմակերպիչ ուժը:
Այսօր, երբ ազգային վարժարաններուն առջեւ կը դրուին նոր կրթական պահանջներ` արդիականացում, զարգացումներ եւ դասաւանդելու նոր մեթոտներ, կրթական միասնականացման այս պատմական փորձառութիւնը կը շարունակէ մնալ արդիական: Դասաբաշխման, դասագիրքերու եւ միասնական գնահատման միջոցով ստեղծուած ընդհանուր կրթական շրջանակը միայն անցեալի վարչական գործելակերպ մը չէր, այլ` ազգային դպրոցներու միջեւ կապը ամրապնդող եւ կրթական ընդհանուր ուղղութիւն մը պահպանող միջոց մը: Ներկայիս եւս հարցը միայն ազգային դպրոցներու գոյութիւնը պահպանելը չէ, այլ` ինչպէ՛ս կարելի է պահպանել անոնց կրթական միասնականութիւնը` միաժամանակ տեղ տալով իւրաքանչիւր դպրոցին, ուսուցիչին եւ աշակերտին դիմագրաւած նոր պայմաններուն: Այս իմաստով, անցեալի փորձառութիւնը կրնայ հիմք ծառայել մտածելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այսօր եւս համադրել` ազգային կրթութեան ընդհանուր նպատակները, արդի կրթական պահանջները եւ ուսուցիչներու մասնագիտական փորձառութիւնը:
(Շար. 2)
**


