ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 106-ԱՄԵԱԿԻՆ
ԵՒ ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Բարձր հովանաւորութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻ
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
Կազմակերպութեամբ`
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 26 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ
Կիրակի, 26 մայիս 2024-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-ամեակին առիթով, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրտաճարին մէջ պիտի մատուցուի եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի Հանրապետական մաղթանք (Գոհաբանական աղօթք) ու Հայաստանի դրօշի օրհնութիւն:
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Յաւարտ Ս. պատարագին պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ` Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած մեր քաջարի հերոսներու հոգիներուն համար:
Ապա, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ հանդիսութիւն` Ս. աթոռոյս վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան առիթով:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները` մասնակցելու Ս. պատարագին, աղօթելու Սարդարապատի հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
1.- Հայկական դպրոց մը կարիքը ունի մաքրութեան տիկիններու (առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00):
2.- Գրասենեակի արտաքին գործերը կատարող պաշտօնեայի մը (մոթորսիքլեթ վարելու կարողութեամբ եւ «ումումի» արտօնագիր ունենալը առաւելութիւն է):
Հեռ. 04-542037:

