ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 12 մայիս 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին,
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին
Տեղի պիտի ունենայ վարդապետական գաւազանի տուչութիւն հետեւեալ միաբան հայրերուն`
Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ աբղյ. Սելլումեան
Հոգշ. Տ. Եսայի աբղյ. Էօրտէքեան
Հոգշ. Տ. Եզրաս աբղյ. Թէնէքէճեան
Հոգշ. Տ. Եղիա աբղյ. Մալխասեան
Գաւազանի տուչութիւնը պիտի կատարէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները յիշեալ հոգեպարար արարողութեանց` աղօթակից ըլլալու հայր սուրբերուն, որպէսզի անոնք իրենց կոչումին մէջ ըլլան հաստատ, հաւատքին մէջ` անսասան եւ առաքելութեան մէջ` ծաղկուն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
1.- Հայկական դպրոց մը կարիքը ունի մաքրութեան տիկիններու (առաւօտեան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00):
2.- Գրասենեակի արտաքին գործերը կատարող պաշտօնեայի մը (մոթորսիքլեթ վարելու կարողութեամբ եւ «ումումի» արտօնագիր ունենալը առաւելութիւն է):
Հեռ. 04-542037:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Տղամարդու հագուստի հաստատութիւն մը կարիքը ունի երիտասարդ պաշտօնեայի մը 20-էն 30 տարեկան: Գործի ժամեր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00-ը դիմել` հեռ. 76-506463 թիւին:
—————————————
REQUIRE
Looking for sales Representative
for machinery & equipment, outdoor sales
Good communication skills
Email CV to v-leb@hotmail.com